ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերանկախացած Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, ազգային գաղափարախօսութեան հատուածը գրաւելու յաւակնութեամբ ճամբայ ելած բոլոր կուսակցութիւններու գործունէութիւնը աչքին առջեւն է մեր ժողովուրդին, որուն դիմաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 124 տարիներու պատմակշիռ ծառայութիւնները այսօր ալ կ՛առանձնանան իրենց ժողովրդանուիրութեամբ, իրենց սկզբունքայնութեամբ, հայրենիքին ու հայոց պետականութեան անսակարկ նուիրուածութեամբ:
Իշխանական դիրքերու վրայ թէ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդող սկզ-բունքը հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումն է, անոր հզօրացումը, բարգաւաճումը, քաղաքացիներու համար արժանապատիւ կեանքի պայմաններու ստեղծումը, հայութեան ուժականութեան համախմբումն ու ուղղորդումը դէպի Հայաստան, Արցախ:
Այս սկզբունքին հանդէպ հաւատարմութիւնն է անկասկած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուժի աղբիւրը, ժամանակի հարուածներուն դիմանալու գաղտնիքը:
Իբրեւ անհատ կուսակցականներ, մեզմէ շատեր կրնան Դաշնակցականի հաւաքական կերպարի դիմադրական ուժը չունենալ, անոր մշտանորոգ նուիրումի ու յանձնառութեան ոգին չկիսել, կրնան այս կամ այն պահուն յուսահատութեան գիրկը իյնալ, յոգնիլ, բարոյալքուիլ ու դիւրին ելք փնտռել՝ յանձնուելով առօրեայ անձնական հետաքրքրութեանց ու նախասիրութեանց:
Բարոյալքուողներու ու յուսահատողներու անձնատուութեան հիմնական մղիչ ուժը այն թիւր համոզումն է, որ այլեւս Դաշնակցութիւնը կրնայ հանգիստ քաշուիլ պատմութեան լուսանցքին՝ իր տեղը վստահելով, տալով, կամ յանձնելով այլ կուսակցութեան:
Եթէ կա՞յ այդ վստահութիւնը ներշնչող այլ կուսակցութիւն՝ ապա կարելի է հաշտուիլ ամէն ինչի հետ: Ես չեմ տեսներ նման կուսակցութիւն, ու անփոխարինելի այս կուսակցութիւնը ինծի համար կը մնայ մեր անհատական թէ հաւաքական հնարաւորութիւնները ամէնէն ճիշդ օգագործող կազմակերպութիւնը: