
20 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ, 415 E. Boadway, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր նոր գիրքը, որուն խորագիրն է՝ «Փոքր Ասիոյ Հայկական Համայնքները»։
Փոքր Ասիոյ հայկական համայնքները հայկական պատմական բարձրաւանդակէն տեղահանուելով տարուած են դէպի արեւելք եւ բարեբեր կիլիկեան հարթավայրեր՝ Միջերկրականի ափին։ Բաղդատաբար, այս համայնքները նոր էին՝ կը համընկնէին Բիւզանդական կայսրութեան վերջին դարուն եւ Օսմանեան կայսրութեան սկզբնաւորութեան շրջանին։
Հայկական հայրենիքէն սոյն տեղաշարժը դէպի Մարմարա ծով եւ Պոլիս տեղի ունեցաւ թրքական եւ մոնկոլական արշաւանքներու միջոցաւ հողերու գրաւումին՝ 11րդէն 13րդ դարերուն եւ 14րդ դարուն՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումը մեմլուքներու արշաւանքին իբրեւ հետեւանք։
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան «Փոքր Ասիոյ Հայկական Համայնքները» գիրքին մէջ ընդարձակ կերպով կ՛անդրադառնայ վերոնշեալ պատմութեան՝ հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութեան տարիները։
Փրոֆ. Յովհաննէսեան հիմնադիրն է Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան, անդամ է նաեւ գիտական եւ հասարակական 9 կազմակերպութիւններու տնօրէններու խորհուրդներուն: Ան առաջին վարիչն էր Հայկական կրթական հիմնադրամի Ժամանակակից հայոց պատմութեան ամպիոնին՝ UCLA-ի մէջ, ուր ան նաեւ երկու տասնամեակ ծառայած է որպէս գործակից տնօրէն «G.E. Von Grunebaum» Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին:
Ան ծառայած է որպէս խորհրդատու Քալիֆորնիոյ կրթական խորհուրդին՝ հեղինակելով Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը նահանգի ընկերային գիտութեանց ծրագիրին մէջ: Ան ստացած է շքանշաններ եւ կոնդակներ՝ Գարեգին Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներէն:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան «Gug-genheim Fellow» եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ է 1990էն ի վեր: Ան ստացած է բազմաթիւ պատիւներ իր գիտական ու քաղաքացիական գործունէութեան համար, աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին, ուսուցանելով, հետազօտելով, գրելով եւ դասախօսելով ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան նաեւ կ՛աշխատակցի USCի «Շօա» հիմնարկին հետ՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններու թուայնացման աշխատանքներուն մէջ:
Մուտքը ազատ է, եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: «Ապրիլ» գրատան հետ կապուելու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։