«Գայէ Ջոշարը 2014թ. Նոյեմբերից «Սիվիլիթաս» հիմնադրամում ներգրաւուած էր որպէս լրագրող եւ հետազօտող Թուրքիայից՝ «Հրանտ Դինք» հիմնադրամի կողմից իրականացուող փորձի փոխանակման նախագծով: Նախագիծը Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորմամբ իրականացուող «Ա-ջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին» ծրագրի բաղադրիչներից մէկն է», գրած է կայքը։
Գայէ Ջոշարի մահուան առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը:
«Մենք կորսնցուցինք Գայէ Ջոշարը, որ լրագրող էր, թարգմանիչ, մեր լաւ ընկերը ու «Հրանդ Տինք» հիմնարկի Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագիծի հրաւիրուած մասնագէտներէն մէկը: Գայէն իր մահկանացուն կնքեց Հայատանի մէջ՝ Երեւան, երթեւեկի արկածի իբրեւ հետեւանք:
Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագիծի ծիրին մէջ, Նոյեմբերէն Գայէ Ջոշարը կը բնակի Երեւան եւ որպէս լրագրող ներգրաւուած էր «Սիվիլիթաս» հիմնարկին մէջ: 2014ի Դեկտեմբեր 26ին տեղի ունեցած երթեւեկի արկածէն ետք տասներկու օր շարունակ Գայէն կը գտնուէր հիւանդանոցը եւ ան մեզմէ հեռացաւ 7 Յունուարի կանուխ առաւօտեան:
Մենք կ՛ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ բժշկական կեդրոնի աշխատակազմին ու բժիշկներուն՝ Գայէի կեանքը փրկելու համար պայքարին մէջ մասնագիտական աջակցութիւն ու բացառիկ ջանքեր ցուցաբերելնուն համար: Մենք լի ենք վիշտով: Գեղեցիկ ժպիտով մեր ընկերը երբեք չի մոռցուիր: Մենք մեր անկեղծ ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Գայէի ընտանիքին եւ անոր սիրելիներուն: Գալիք օրերուն ընթացքին, ընտանիքին որոշումէն ետք, մենք յաւելեալ տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրենք հոգեհանգիստի արարողութեան վերաբերեալ», նշուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամը եւս խորապէս վշտակցում է Գայէի հարազատներին, ընկերներին եւ գործընկերներին», գրած է «Սիվիլնէթ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.