
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Հայաստանէն «Խաչատուրեան» երրեակի անդամները Նոյեմբեր 14ին տպաւորիչ ելոյթ մը ունցած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հայ եւ ոչ հայ հանդիսատեսներու։
Կարէն Շախկալտեան (ջութակ), Արմինէ Գրիգորեան (դաշնակ) եւ Կարէն Քոչարեան (թաւջութակ), ներկայացուցած են Ռախմանինոֆէն, Առնօ Պապաջանեանէն եւ Արամ Խաչատրեանէն ստեղծագործութիւններ՝ հմայելով ներկաները։
Համերգը մաս կը կազմէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած «100 համերգներ» շարքին, որ կը հովանաւորուի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Հայաստանի պետական յանձնաժողովին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին կողմէ։
Համերգը համահովանաւորած էին նաեւ համալսարանի Ֆիլիփ Լորնզի անուան համերգաշարն ու Հայագիտական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄը, Համազգայինը, Թէքէեան միութիւնը, տոքթ. Վարուժ եւ Լենա Ալթէպարմաքեանները, Պապ Տէր Մկրտիչեանն ու Ալիս եւ Պերճ Պիւլպիւլեանները։