
Շուկայի վրայ են արդէն Վահէ Պէրպէրեանի հինգերորդ մենախօսութեան՝ «Եթէ»ի DVD-ները, որ արձանագրուած է Կլենտէլի «Beyond the Stars Palace» սրահին մէջ կայացած ներկայացումներուն ընթացքին։
Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած ու ներկայացուցած մենախօսութեան արձանագրութեան բեմադրիչն է Վիգէն Խաչատուրեան. անիկա արտադրուած է «Ուէթ Փէյնթ Փրոտաքշընզ»էն՝ Քրիսթինա Շիրինեանի կողմէ։
Մէկ ու կէս ժամնոց այս մենախօսութեան ներկայացումները սկսած էին Յունիս 6, 2013ին ու Կլենտէյլի մէջ երեք ամիսներու վրայ երկարած ներկայացումներէն ետք, Վահէն զայն ներկայացուցած է քանի մը տասնեակ քաղաքներու մէջ, աշխարհի տարածքին։
DVD-ները տրամադրելի են www.vaheberberian.com/store կայքէջէն կամ զանազան հայկական խանութներէ։
Ուրեմն, եթէ պատրաստ էք խնդալու, կրնաք դիմել Վահէ Պէրպէրեանի «Եթէ»ին։