ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստա-շրջանին:
Բանակցութիւնները կայացած են նախ սեղմ կազմով՝ Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Հայաստանի, Ղըրղստանի, Տաճիկիստանի նախագահներու եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ: Այնուհետեւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւնները շարունակած են պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ կայացած ընդլայնուած կազմով նիստին:
Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ հրաւէրին եւ աւանդական ջերմ ընդունելութեան համար, ապա նաեւ՝ ռուս գործընկերներուն՝ 2014ին կազմակերպութեան աշխոյժ նախագահութեան ու ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման իմաստով էական ներդրման համար:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ նստաշրջաններուն միջեւ եղած ժամանակաշրջանին ՀԱՊԿի ծիրին մէջ կարեւոր աշխատանք կատարուած է քաղաքական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման եւ կատարելագործման ապահովման, ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան խորացման, արդի մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ: Այս գծով նախագահ Սարգսեան լուսարձակի տակ առած է յատկապէս ՀԱՊԿի քարտուղարութեան աշխատանքը եւ երախտագիտութիւն յայտնած ու հետագայի գործունէութեան համար յաջողութիւն մաղթած կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին:
Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան պաշտօնակիցները տեղեկացուցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին, մասնաւորապէս, այս տարուան ընթացքին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն մասին՝ ընդգծելով, որ Հայաստան միանգամայն անընդունելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող լարուածութեան սաստկացումը եւ մեր տարածաշրջանի ռազմականացումը:
«Մեր կողմից այսօր ընդունուած փաստաթղթերն ուղղուած են ծագող մարտահրաւէրներին եւ գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներին հաւաքական եւ կօօրդինացուած արձագանգելուն: Վստահ եմ, որ դրանք կը ծառայեն ՀԱՊԿ զարգացման շահերին՝ ի նպաստ մեր երկրների եւ ժողովուրդների բարօրութեան՝ հաւաքական հիմունքներով երաշխաւորուած անվտանգութեան ու խաղաղութեան պայմաններում:
Ելնում ենք նրանից, որ արտաքին քաղաքականութեան կօօրդինացման մեխանիզմի հետագայ ամրապնդման հարցերով որոշումների ընդունումը կը նպաստի նաեւ մեր կազմակերպութեան հեղինակութեան բարձրացմանը:
Կարծում եմ, որ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնների ռազմական համագործակցութեան յաջորդական զարգացման գործում միանգամայն տեղին քայլ կը լինի Հաւաքական աւիացիոն ուժերի ստեղծումը: Նաեւ կը ցանկանայի նշել մեր պետութիւնների ռազմատեխնիկական համագործակցութեան բարձրացման նպատակով ձեռնարկուող միջոցների կարեւորութիւնը:
Վստահ եմ, որ տեղեկատուական անվտանգութեան գծով փաստաթղթերի փաթեթը կը ծառայի այս ոլորտում մեր պետութիւնների համապատասխան կառոյցների փոխգործակցութեան էական բարձրացմանը:
2015թ. Յունուարի 1ից կազմակերպութեան նախագահութիւնն անցնում է Տաջիկստանի Հանրապետութեանը: Այս կապակցութեամբ, ցանկանում եմ շնորհաւորել Տաջիկստանի նախագահ Էմոմալի Շարիպովի Ռահմոնին՝ ՀԱՊԿում նախագահութեան կապակցութեամբ եւ մաղթել յաջողութիւններ», ըսած է նախագահ Սարգսեան՝ ընդգծելով, որ ՀԱՊԿի վերաբերող համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը, եւ Հայաստան պատրաստ է աշխոյժ կերպով համագործակցելու գործընկերներուն հետ՝ ի շահ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի դրոյթներու ապահովման: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ ատիկա ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու ընդհանուր դիրքորոշումը ըլլայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
«Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան պաշտօնակիցները տեղեկացուցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին, մասնաւորապէս, այս տարուան ընթացքին հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն մասին՝ ընդգծելով, որ Հայաստան միանգամայն անընդունելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող լարուածութեան սաստկացումը եւ մեր տարածաշրջանի ռազմականացումը:»
Աշխարհքը անակնկալնէրով «յղի» է: 1917ին Ռուսիան մէկ-ով կայսրութիւն էր՝ դարձաւ համայնավարութիւն, լքեց պատերազմի ճակատը, թողելով Հայ կամաւորները իրենձ ճակատագրին… :
ՀԱՊԿի պայմանակրին գործընկերները, առանձ Հայաստանին, սահմանակից հինգ գլուխով երկիրներուն երեքը՝ ձեղային նախնական ուխտիալ կապեր ունին և դիւրաւ կ՛կողմորոշուին մեր երդուվիալ թշնամիներուն հետ: Օրինակ մը յայտնուեցաւ երբ Նազարպայէվը քազախստանի ժողովին կարդաց Ալիեւի նամակը ու յետախուզէց ԼՂ-ի «ապագան»… :
Իսկ Ռուսիոյ, Հայաստանին տուած ՀԱՊԿի անդամակցութեան մասնայատկութիւնը՝ չ՛ըսելու համար հակասութիւն էր ՀԱՊԿի կանոնագրին՝ արանձ սահմանակից ըլլալուն համար, Հայաստանի հետ 45 տարուայ դաշնագրին՝ նմանեցաւ անճաշակօրեն Կարկտանով ծակերու բացթողումը գոցելու:
Ռուսական հարիւր տարուայ իր պատմական քերուըտուքը կ՛վերադառնայ՞, Թերեւս: