
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը, իրեն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պագեւատրեց Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան կարեւոր նպաստ բերած Արա Խանոյեանը եւ Սուրէն Գոժաքեանը:
Կաթողիկոսը յայտնեց, որ մօտ ապագային նաեւ պիտի պարգեւատրէ Ապու Տապիի հայ կեանքէն ներս երկար տարիներ ծառայած եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն իր գործօն աջակցութիւնը բերած Գրիգոր Մահսերէճանը:
Այս առիթով, վեհափառը գնահատեց եկեղեցաշինութեան մասնակից դարձած Հրայր Սողոմոնեանը, Վարուժան Ներկիզեանը եւ բոլոր կնքահայրերն ու բարերարները: