
ԵՐԵՒԱՆ.– Լիբանանի մէջ կայացած է «Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ժամանակաւոր ուժեր» (ԵՈՒՆԻՖԻԼ) բազմազգ առաքելութեան կազմին մէջ հայկական դասակի ներգրաւման եւ առաքելութեան մասնակից այլ երկիրներու դրօշակներու կարգին Եռագոյնի բարձրացման պաշտօնական արարողութիւնը: Հայ խաղաղապահներու 32 հոգինոց դասակը 26 Նոյեմբերէն ԵՈՒՆԻՖԻԼ առաքելութեան կազմին մէջ իտալական հրամանատարութեան ներքոյ խաղաղապահ առաքելութիւն կը կատարէ Լիբանանի մէջ:
«Արարողութեան ընթացքում հայ խաղաղապահներին ողջունել եւ նրանց ներգրաւումն առաքելութեանը կարեւորել է ԵՈՒՆԻՖԻԼ առաքելութեան միացեալ ուժերի հրամանատար, իտալական բանակի բրիգադի գեներալ Ստեֆանօ Տել Քոլը», նշուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան լրատուութեան մէջ:
Այս արարողութեան անդրադարձած է նաեւ Իտալիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պաշտօնական կայքը։