ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մարզերու զարգացման վարկային ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստան Եւրամիութենէն 10 միլիոն եուրօ պիտի ստանայ: Այս մասին որոշում տրուած է նախարարներուն կողմէ՝ 11 Դեկտեմբերի նիստին ընթացքին: Հայկական կողմէ համաֆինանսաւորումը պիտի 1.75 միլիոն եուրոյի չափով:
«Հայաստանի մարզերի զարգացման աջակցութեան» ծրագիրով հանրապետութիւնը պիտի զարգացնէ մարզերու տարածաշրջանային հաւասարակշռուած զարգացման ծրագիրները:
Նախատեսուած է մշակել նախագիծ, որ պիտի յստակացնէ մարզային կառոյցներու հիմնական իրաւասութիւններն ու հաստատութենական կարելիութիւնները, վերանայի մարզային զարգացման ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ ապահովէ անոնց իրականացումը:
Կը ծրագրուի նաեւ իրականացնել տարածքային զարգացման վարկային ծրագիր՝ հանրապետութեան մարզային զարգացման ծրագիրներու առաջնահերթութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.