ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիայէն Հայաստան եղած դրամական փոխանցումներուն հոսքին անորոշութիւնը, որ բնորոշ էր ընթացիկ տարուան առաջին ամիսներուն, արդէն իսկ հասած է այնպիսի մակարդակի, ուր կարելի է հաստատ ըսել, որ անկումն ակնյայտ է: Նախ նշենք, որ «փոխանցումներ» ըսելով նկատի ունինք Հայաստանի առեւտրական դրամատուներուն միջոցով ոչ առեւտրական նպատակներով արտաքին դրամական փոխանցումները՝ անհատներու կողմէ։
Արդարեւ, Յունուար-Հոկտեմբերին բոլոր երկիրներէ փոխանցումներու ընդհանուր գումարը տարեկան դրութեամբ նուազած է 28.6 միլիոն տոլարով (կամ 1.9 տոկոսով): Այդ նուազումը կապուած է Ռուսիայէն փոխանցումներու հոսքերուն զգալի անկման հետ. անիկա կազմած է 57.2 միլիոն տոլար կամ 4.6 տոկոս:
Ռուսական փոխանցումներուն նուազումը այնքան հզօր եղած է, որ կրկնակիօրէն գերազանցած է այլ երկիրներու պարագային արձանագրուած որոշ դրական արդիւնքները (փոխանցումներու գրեթէ 28.6 միլիոն տոլարի հասնող աճը): Յիշեցնենք, որ Հայաստան ուղղուող դրամական փոխանցումներուն առիւծի բաժինը Ռուսիայէն է: Նոյնիսկ հոսքի նուազման պարագային, ռուսական փոխանցումներու մասնաբաժինը Յունուար-Հոկտեմբերին կազմած է ընդհանուր գումարին 83.6 տոկոսը:
Ռուսական փոխանցումներու թափի նուազման իմաստով՝ Հոկտեմբերը եղած է ամէնէն վատ ամիսը։ Տարեկան դրութեամբ Ռուսիայէն դրամական փոխանցումներու անկումը հասած է մրցանշային աննախընթաց չափերու՝ 32.3 միլիոն տոլարի (կամ 9.0 տոկոսի):
Իբրեւ հետեւանք այս վիճակին՝ ռուսական փոխանցումներ ստացողները նախորդ տարուան Հոկտեմբերին հետ բաղդատելով մէկ հինգերորդ անգամ նուազ գումար ստացած են։ Ընտանեկան պիւտճէին համար վնասը փոքր չէ: Աւելցնենք, որ նոյն ամիս որոշ չափով նուազած են նաեւ այլ երկիրներէ եղած փոխանցումները՝ 1.1 միլիոն տոլարով: Այսպիսով, Հոկտեմբերին փոխանցումներու ընդհանուր անկումը հասած է 33.4 միլիոն տոլարի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.