
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս շաբաթ կը մխրճուիմ կնճռոտ հարցի մը մէջ, որ կը մտահոգէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը։ Մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին կողմէ համացանցին վրայ տեղադրուած խիստ քննադատական եւ կոշտ նամակը՝ ուղղուած Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:
Հայաստանի կառավարութեան եւ Սփիւռքի տարբեր հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ խնդրեցին ինձմէ մեկնաբանել այս բանավէճը՝ յուսալով հանդարտեցնել շիկացած մթնոլորտը: Ես համաձայնեցայ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ կը կարծեմ, թէ իմ յօդուածս պիտի լուծէ բուն հարցը, այլ որպէսզի լուսարձակի տակ առնեմ լուծումը աւելի մեծ խնդիրներու, որոնք ծառացած են հայ ժողովուրդին առջեւ՝ մեր պատմութեան այս ճակատագրական պահուն:
Երուսաղէմի պատրիարքին ծաւալուն նամակը կը բովանդակէ երկու յատուկ բողոք. իր ըմբռնումը, որ անցեալ Սեպտեմբերին Էջմիածինի մէջ կայացած ժողովին քննարկում եղած է Երուսաղէմի պատմական եւ ինքնավար պատրիարքարանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թեմի վերածելուն վերաբերեալ: Երուսաղէմի պատրիարքարանը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն մէկն է՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին հետ միասին: Պատրիարք Մանուկեան իր նամակին մէջ նաեւ կը բողոքէ Գարեգին Բ.ի կողմէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ժողովին խնդրանքով՝ Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը մերժելուն դէմ:
Թէեւ Գարեգին Բ. եւ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան քանի մը արքեպիսկոպոսներ կտրականապէս կը ժխտեն, որ երբեւէ քննարկում եղած է Երուսաղէմի պատրիարքարանը թեմի վերածելու վերաբերեալ, սակայն Սեպտեմբերին կայացած ժողովին որոշ մասնակիցներ այլ բան հաղորդած են: Աւելի քան մէկ տասնամեակ առաջ նման վէճ մը յառաջացած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին առնչութեամբ: Այն ժամանակ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքը նոյնպէս զայրացկոտ նամակ գրած էր Գարեգին վեհափառին՝ դատապարտելով որեւէ փորձ, որով Պոլսոյ պատրիարքարանին կարգավիճակը պիտի իջեցնէ Սուրբ Էջմիածինի թեմի մակարդակին:
Ի պատասխան Երուսաղէմի պատրիարքի Նոյեմբեր 24ի նամակին՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը Դեկտեմբեր 1ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որ հետեւեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան քանի մը արքեպիսկոպոսներու անհատական նամակներուն՝ դատապարտելով պատրիարքի նամակին «անընդունելի» ոճը եւ «յօրինուած» բովանդակութիւնը: Անոնք նաեւ վրդովմունք յայտնեցին, որ պատրիարք Մանուկեան ո՛չ թէ յատուկ նամակ ուղարկած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, այլ զայն տեղադրած է համացանցի վրայ: Պատրիարքը արդարացուցած էր իր որոշումը՝ բացատրելով, որ Գարեգին Բ. չէր պատասխանած իր նախորդ նամակին: Տարօրինակ է, որ արքեպիսկոպոսները կը դատապարտեն Երուսաղէմի պատրիարքը՝ իր նամակը համացանցի վրայ տեղադրելուն համար, սակայն նոյն բանը իրենք կ՛ընեն՝ աւելի հրապարակային դարձնելով պատրիարքին նամակը եւ հրահրելով բանավէճը:
Երուսաղէմի պատրիարքի նամակին շուրջ յառաջացած վիճաբանութիւնը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ առանձին միջադէպ: Ասիկա պարզապէս հայ ժողովուրդին պատուհասած շատ լուրջ, բայց անտեսուած փորձութիւններու դրսեւորումներէն մէկն է տակաւին: Նման բարձրաստիճան մակարդակի առճակատումները միայն կը բարդացնեն մեր առկայ խնդիրները, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ղեկավարներու հանդէպ ժողովուրդի անվստահութիւնը, եկեղեցի յաճախելու նուազումը, համայնքային կազմակերպութիւններու անդամակցութենէն հրաժարիլը, արտագաղթի պատճառ դարձած տնտեսական ճգնաժամը, Հայաստան-Սփիւռք տարակարծութիւնները եւ Սփիւռքի մէջ մշակութային ինքնութեան տկարացումը: Այս ներքին թերութիւնները կը նուազեցնեն ժողովուրդին կարողութիւնը, որպէսզի դիմակայէ գոյատեւման խնդիրները, ինչպէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, արցախեան հակամարտութիւնը, Թուրքիայէն հայկական պահանջները, Սուրիոյ հայկական համայնքի գոյատեւումը եւ Երուսաղէմի ու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարաններուն պահպանումը:
Այս լուրջ մարտահրաւէրները, որոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար, չեն կրնար լուծուիլ նամակագրական արշաւներով:
Համընդհանուր համակարգուած ջանքեր անհրաժեշտ են համահայկական լուծումներ գտնելու համար:
Այդպիսի հաւանական լուծում մըն է ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած համասփիւռքեան մարմինի մը ստեղծումը, որ կրնայ իսկապէս ներկայացնել եօթը միլիոն հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս: Սփիւռքի այս ներկայացուցիչները, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութեան հետ միասին, կրնան հանդէս գալ համայն հայութեան անունով: Ամէն անգամ, երբ ճգնաժամ յառաջանայ, այս եռեակը իրաւասութիւն եւ կշիռ պիտի ունենայ լուծելու բոլոր քաղաքական, եկեղեցական եւ հասարակական-տնտեսական տարակարծութիւնները հայերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ ազգը պաշտպանելու արտաքին սպառնալիքներէ:
Նման համաշխարհային ընտրովի կառոյցի բացակայութեան պայմաններով, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առկայ յանձնաժողովը պէտք է վերակազմուի, որպէսզի յաջորդ տարուան Ապրիլէն ետք կրնայ համակարգել բոլոր կարեւորագոյն հարցերը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ խոշորագոյն հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ որոշ երեւելի դէմքերու հետ միասին:
Բոլոր հայերուն պարտքն է համախմբուիլ եւ լուծել իրենց վճռորոշ հարցերը, նախքան որ ներքին տարաձայնութիւններն ու արտաքին վտանգները սպառնան այս հինաւուրց ժողովուրդի գոյատեւման…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը
Պրն, Սասունյանի մոտեցումը նման կարեվորագույն խնդրի լուծման վերաբերյալ, ինչպիսինն է
Երուսաղեմի միաբանության և մասնավորապես Տ Նուրհան Պատրիարքի և գարեգին Բ .. նշանակված «կաթողիկոսի» միջև, այս տեսակ լպրծուն և գրեթե ոչինչ չասող հոդվածներով չի լուծվի:
Մի թէ պրն, Սասունյանին հայտնի չի, որ գարեգին Բ..ի – ցանկացած քայլ հովանավորվում է
ապազգաին սեռժիկի ու նրա կառավարության կողմից: Ինչ համաշխարհային ընտրովի կառոյցի
մասին կարող է խոսք լինել նման ապազգաին ուժերի հետ համատեղ ?
Մի խոսքով… պետք է անել ամեն հնարավոր և նույնիսկ անհնարին համարվող գործողություն,
շուտափույթ ազատվելու գարտգին .. Բ..ից և այս խամաճիկին հովանավորող աղպից: