
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ոչ իշխանական խորհրդարանական եռեակը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Ժառանգութիւն»ը եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսը 10 Դեկտեմբերին հանրահաւաք եւ երթ կայացուցին Երեւանի մէջ՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով:
Այս երթը aետրոսեանի գլխաւորած ընդդիմադիր ՀԱԿին կողմէ, որուն այս տարի միացած էին եռեակի միւս երկու անդամները:
Երթի մեկնարկէն առաջ Ազատութեան հրապարակին վրայ փոքր հանրահաւաք տեղի ունեցաւ: «Բարգաւաճ Հայաստան»էն ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի ղեկավար Էլինար Վարդանեանը: Ան խստիւ քննադատեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը Հայաստանի մէջ:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան հրապարակեց եռեակի միասնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է, որ յառաջիկային եռեակը հանդէս պիտի գայ միասնական ժամանակացոյցով, ծրագիրով, ուր պիտի ներկայացնէ, թէ ո՛ր ժամանակաշրջանին եւ ի՛նչ միջոցներով պիտի հասնի ամբողջական իշխանափոխութեան: Զուրաբեանը չբացառեց, որ ծրագիրը նաեւ ներառէ զանգուածային նախաձեռնութիւններ, հանրահաւաքներ եւ երթեր:
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, եռեակի առաջնորդներէն Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Գագիկ Ծառուկեան չմասնակցեցան հաւաքին: Ծառուկեանի բանբերը մանրամասնութիւն չէր տուած այն մասին, թէ կուսակցութեան առաջնորդը ինչո՛ւ պիտի չմասնակցի հանրահաւաք-երթին, միայն նշած էր, որ հրապարակին վրայ կուսակցականներ պիտի ըլլան։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մասնակցութեան առնչութեամբ կոնգրեսէն փոխանցած էին, որ ան, որպէս կանոն, այս նախաձեռնութեան չի մասնակցիր։
Միայն «Ժառանգութեան» առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայ էր հանրահաւաք-երթին. «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յիշեցուց այն նախագիծը, զոր ան ներկայացուցած է եռեակի միւս առաջնորդներուն: Այդ նախագիծին մէջ նշուած էր, որ եռեակը պէտք է համաձայնութիւն գոյացնէ արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու հարցին գծով: Յովհաննէսեան ըսաւ, որ այսօր իր այդ պայմանը ուժի մէջ է, եւ ինք պիտի շարունակէ սպասել: