ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, հակառակ տեղացող անձրեւին, աւելի քան 20 կամաւորներ մասնակցած են Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի ցանկապատին շուրջ ծառեր տնկելու արշաւին, որ մաս կը կազմէր վարժարանը կանաչապատելու եւ բարեզարդելու աշխատանքին։
Վարժարանը դիմած է բնապահպանութեան տեղական կազմակերպութեան մը՝ յարմարագոյն ծառերը ընտրելու համար, իսկ ծառատնկումէն ետք, վարժարանը խորովածով հիւրասիրած է բոլոր կամաւորները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.