Կիրակի, 30 Նոյեմբերին, կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան, Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ չորս մտաւորականներու, գրական չորս անուանի գործիչներու՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի 100ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկ:
Մշակութասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, յոբելեարներու կեանքին եւ գործունէութեան անդրադարձան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան ատենապետ Անի Թորանեան, բանաստեղծ, հրապարակագիր Սարգիս Կիրակոսեան, «Ծաղիկ» պարբերականի խմբագիր Յակոբ Տիւնիայեան եւ գրող-հրապարակագիր Թորոս Թորանեան:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան ընտրուած ընթերցումներ: Մեներգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան եւ կոմիտասեան «Գարուն ա»ն հնչեցուցին Օննիկ Սարգիսեանի զոյգ թոռնուհիները՝ Կարին եւ Նուշիկ Գալուստեանները՝ սրինգով եւ ջութակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.