ՊԷՅՐՈՒԹ.- Միջին Արեւելքի քիւրտերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճ արձանագրած է, երբ Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ քիւրտերուն կուսակցութիւնները ներկայացուցած են տուեալներ, որոնք Քոպանիի (Արաբունար, Սուրիա) եւ Սինճարի (Իրաք) իրադարձութիւններուն մէջ Անգարայի մեղսակցութիւնը կը բացայայտեն:
Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ղարիպ Հասօ «Մայատին» կայանին յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական քաղաքականութեան խաղաքարտերը բացայայտուած են արդէն, ու յստակ է, որ Անգարա կ՛աջակցի «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ միջազգային հասարակութեան սպառնացող այդ միջազգային ահաբեկչութեան կողքին կը կանգնի՝ իր սահմանային անցքը բանալով ու իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն արտօնելով մուտք գործել Քոպանի:
Իր կարգին, իրանեան Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Զայիուի յայտնած է, որ եթէ Թուրքիա այս քաղաքականութիւնը շարունակէ, «մեր մարտիկները պիտի ուղարկենք «Իսլամական պետութեան» վտանգին տակ գտնուող որեւէ շրջան, եւ Անգարան պիտի դատենք այս դիրքորոշման համար, որ ի նպաստ իրեն չէ»:
Քրտական կուսակցութիւնները կը պահանջեն կազմել միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբ մը, որ Թուրքիոյ կողմէ «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն օժանդակելու շուրջ հետաքննութիւն կատարէ:
Նաեւ, իրաքեան Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ղաֆուր Մախմուրի կը հաղորդէ, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալները Իրաք մուտք գործած են՝ օգտագործելով Թուրքիոյ հետ սահմանային անցքը։
Քրտական 66 կուսակցութիւնները այս բոլորը քրտական հարցին դէմ թրքական յստակ կեցուածք մը կը նկատեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.