
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Անցեալ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, «Ասպարէզ»ի 250 բարեկամներ հաւաքուած էին «Ֆինիշիա» ճաշարանը՝ միասնաբար նշելու թերթի 106րդ տարեդարձը:
Մթնոլորտը մտերմիկ էր՝ շնորհիւ ճաշարանին շնորհած պայմաններուն, ոչ-պաշտօնական յայտագիրին, Վահէ Պէրպէրեանի «Ասպարէզեան կեանքէն առնուած անմիջական ու անկաշկանդ կատակախօսութեան (ինչպէս միշտ), Արա Տապանճեանի ու ընկերներուն մատուցած երաժշտութեան:
Թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրները խօսեցան իրենց նոր ծրագիրներուն մասին, որոնց սատար կանգնողները, այսինքն՝ ներկաներն ու այդ օրը «Ասպարէզ»ի ընտանիքին հետ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող բազմահարիւր այլ հայրենակիցներ, ոչ թէ կ՛աջակցին թերթին, այլ, ինչպէս բնութագրեց Անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան՝ «ներդրում կը կատարեն» մեր համայնքի ապագային ի խնդիր:
Հայերէն բաժինի խմբագիր Աբօ Պողիկեան կարդաց թերթի տարեդարձին առիթով նուիրատուութիւններ կատարողներու անուանացանկը: Երեկոյին ընթացքին եղան յաւելեալ նուիրատուութիւններ՝ օրուան հասոյթը հասցնելով 65,000 տոլարի: Նուիրատուներու ցանկը պիտի հրատարակենք Շաբաթ օրուան թիւով:
Տարեդարձի կարկանդակը, ինչպէս վերջին տարիներու մեր բոլոր տարեդարձներու պարագային, նուիրուած էր «Սարգիս Փէյսթըրի»ին կողմէ: