ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ կը շարունակուի աշակերտութեան ընդունելութիւնը։ Հոն կրնան սորվիլ 15-17 տարեկան տղաներ եւ աղջիկներ: 2015 թուականին քոլեճները հայաստանցի ուսանողներուն համար կ՛առաջարկէ 23 տեղ, որոնց տասն՝ Դիլիջան քոլեճի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ IDeA հիմանդրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի տնօրէն Ճոն Փատըֆութ նշած է, որ այժմ դպրոցին մէջ կրթութիւն ստացող 96 ուսանողներէն 63ը կ՛ուսանի դրամաշնորհներու շնորհիւ:
Վերոնիքա Զոնապենտ ընդգծած է, որ ընդունելութիւնը յաջողութեամբ անցուցած ուսանողները կրնան դիմել դրամաշնորհ ստանալու համար եւ դրամաշնորհային յանձնաժողովը կ՛որոշէ, թէ նիւթական որքա՛ն աջակցութիւն պիտի ստանան անոնք: Անոր համաձայն՝ ներկայիս «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» համակարգին մէջ ուսանող 22 հայերը բոլորն ալ ստացած են դրամաշնորհներ, որոնք կը հոգան անոնց ծախսերուն 90-100 տոկոսը: Նուիրատուներուն յատկացուցած դրամաշնորհներուն ընդհանուր քանակը կը կազմէ 1.5 միլիոն տոլար:
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»ի Հայաստանի ազգային կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարեա Պրոտնիքովսկայան յայտնած է, որ 2015 թուականին «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» համակարգին մէջ սորվելու դիմումներու ներկայացման վերջնական ժամկէտը 11 Դեկտեմբեր 2014 է: Դիմումնագիրները կարելի է ամբողջացնել առցանց http://www.am.uwc.org/ կայքին մէջ:
Կրնան դիմել այն երիտասարդները, որոնք ուսումնական տարուան մեկնարկին (1 Սեպտեմբեր 2015) պիտի ըլլան 16-17 տարեկան:
Անդրադառնալով Դիլիջան քոլեճի մէջ հայոց լեզուի դասաւանդման՝ հայաստանցի ուսանողներուն համար, Ճոն Փատըֆութ ըսած է. «Հայ ուսանողներէն ոմանք Դիլիջան քոլեճ կու գան աւագ դպրոցը աւարտելէ ետք, եւ մենք կը քննարկենք անոնց համար հայերէնի «կատարելագործուած» դասընթացք կազմակերպելու հարցերը: Ինչ կը վերաբերի հայաստանցի այն ուսանողներուն, որոնք մեր քով կու գան 11րդ դասարանը աւարտելէ ետք, ապա 2015ի Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր անոնց համար պիտի տրուին հայոց լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի, պատմութեան եւ կրօնի դասեր եւ անոնց կրթութիւնը ամբողջութեամբ պիտի համապատասխանէ ազգային կրթական չափորոշիչներուն»:
Նոյեմբեր 15ին «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» Հայաստանի ազգային կոմիտէն եւ Դիլիջան քոլեճը կը կազմակերպեն «Բաց դռներու օր» բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն ուսանիլ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» համակարգին մէջ: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Փարամազ Աւետիսեան» մասնաշէնքի «Մանուկեան» դահլիճին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.