ՊՐԻԶՊԵՆ, Աւստրալիա, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քսաններու խմբակի վեհաժողովի աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է, իսկ մենք «Իսլամական պետութեան» խմբաւորման հարցով անոր հետ համակարգում պիտի չկատարենք։ Նաեւ, ներկայիս Ասատի տապալումը չքննարկեցինք»:
Ան ըսաւ, որ կը ձգտի գտնել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական համապարփակ լուծում մը, որ վերջ կու տայ ճգնաժամին: «Ասատի հետ համակարգումը պիտի տկարացնէր միջազգային դաշինքը», պնդեց Օպամա՝ աւելցնելով, որ Ասատ զգուշացուցած է Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ յարձակումներ կատարող իրենց օդանաւերը չվտանգել:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Օպամայի հետ՝ քննելով գխաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Միւս կողմէ, ըստ համացանցի վրայ զետեղուած տեսաերիզի մը՝ «Իսլամական պետութիւն»ը մահապատիժի ենթարկած է ամերիկացի մը:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտնեցին, որ աշխատանք կը տարուի տեսաերիզին իրական ըլլալը ճշդելու: Տեսաերիզը նաեւ սուրիացի զինուորներու գլխատումը ցոյց կու տայ:
Նաեւ, ահաբեկչական խմբակը Կիրակի օր սպառնացած է իր առեւանգած լիբանանցի զինուորականներէն 7ն մահապատիժի ենթարկել, եթէ Ռումիէի բանտին մէջ իրեն զինակից բանտարկեալներուն դէմ արձակուած վճիռները գործադրուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.