ՖՐԵԶՆՕ, ՍՔԱՑՏԷՅԼ.- «Խաչատուրեան» երրեակը այս ամսուան ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի եւ Արիզոնայի մէջ։
Ֆրեզնոյի համերգը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Երաժշտութեան շէնքի համերգներու սրահին մէջ (2380 E. Keats Ave., Fresno, CA 93740)։ Տոմսերուն գինը 25 տոլար է, իսկ տարեցներու եւ ուսանողներու համար, յաջորդաբար՝ 18 եւ 5 տոլար։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (559) 278-2337 թիւին։
Արիզոնայի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 16ին, կ.ե. ժամը 3ին, Արիզոնայի Ս. Աբգար Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ (8849 East Cholla Street, Scottsdale, Arizona 85260)։ Տոմսերու գինը 30 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (480) 252-5131 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.