Մամուլի խորհրդաժողովներ գումարել ինչո՞ւ, ի՞նչ ընելու, ո՞ր նպատակով եւ դրդապատճառներով: Հայրենասիրական ծէ՞ս:
Ունինք ինքնուրոյն դիմագիծ, ճակատագիր, քաղաքական եւ մշակութային կացութիւն:
Նախ պէտք է խօսիլ ինքնութեան մասին, առանց անվաղորդայն ճապկումներու եւ աննպատակ մարդորսութեան: Գիտնալ թէ ի՞նչ ենք եւ ի՞նչ կ՛ուզենք:
Մամուլը, իր զանազան արտայայտութիւններով, այն խմորման վայրն է, ուր կայ ինքնութիւնը, որ սառած չէ, ժառանգութիւն է եւ հոլովոյթ, ներկայի եւ ապագայի վրայ բացուող: Հայելի, որուն մէջ զանգուածները իրենք զիրենք կը տեսնեն, կը կարծեն տեսնել, կը հրաւիրուին տեսնելու, որպէսզի մասնակցին հասարակական կեանքին: Ոչ միայն զանգուածներու ինքնաճանաչման հայելի, այլ նաեւ «ղեկավարութիւններ»ու («էսթէպլիշմընթ», «նոմանքլաթուրա»), որոնք զանգուածին մաս պէտք է կազմեն, եթէ դիւանակալութիւն չեն, եւ աւելի ցած մակարդակի վրայ՝ հասութաբեր կալուած (նիւթական կամ փառասիրական, յաճախ միաժամանակ):
Մեր մամուլը կրնա՞յ բաւարարուիլ Փարիզի «մեթրօ»ներուն առջեւ ձրի թերթերու նուազագոյն լրատուութեամբ, թէ այլ առաքելութիւն ունի: Անոր հաւատացող եւ անոր ակնկալութիւնը ունեցող զանգուած ունի՞նք: Այս զանգուած բառն անգամ, ներկայիս բան չնշանակող յղացք մը չէ՞:
Խորհրդաժողով մը նախապէս պէտք է իրականացուցած ըլլայ տուեալներու պատրաստութիւն, ուսումնասիրութիւն՝ հայ մամուլի պատմութեան եւ հոլովոյթին մասին, առանց տուրք տալու ախտաւոր կողմնապաշտութեան:
Ինչո՞ւ գումարել մամուլի խորհրդաժողովներ:
Գումարուած են, ի՞նչ եղած է անոնց արդիւնքը, ի՞նչ փոխուած է մէկէն միւսը: Որոշումներ կայացուա՞ծ են, գործադրուա՞ծ են: Հայ մամուլը, բացի ընթացիկ լրատուութենէ եւ կողմնապաշտական կամ զգացական հայրենասիրութեան կրկնուող աղմուկէ (սաւանանման ինքնագոհութեան լրատուութիւններ, հանրահաւաք կամ մանկապարտէզի հանդէսներ), ի՞նչ նպաստ բերած է ազգի հիմնական եւ հիմնարար նպատակներու իրականացման:
Լայն առումով մամուլը բարեկարգման մնայուն բեմն է քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդավարական, մշակութային, ոչ-տիրացուական բարոյականի:
Գրաւոր-տպագիր մամուլը տագնապի մէջ է, կը նահանջէ: Մեր պարագային կրկնակի նահանջ, հայերէնախօսութեան տեղատուութեամբ: Պատճառնե՞րը. հայերէն ընթերցողներու աստիճանական ծերացումը, հրատարակութեան յարաճուն սղութիւնը, ընթերցողներու նուազումը: Օտարներու պարագային ձրի բաժնուող թերթերը մամուլի սպառման խոչնդոտ են: Հաստատում է, բայց անբաւարար՝ ճիշդ ախտաճանաչման համար: Հակառակ թերիներու, մամուլը անհրաժեշտ է ընկերութեան կենսունակութեան համար, նաեւ հայկական մամուլը:
Ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ մամուլը: Պատասխանելու փորձը պէտք է կատարուի: Ի՞նչ կ՛ընէ մամուլը եւ ի՞նչ կ՛ակնկալեն անհատներ: Ինչպէ՞ս բնորոշել այդ ակնկալութիւնը: Բնորոշման բացակայութեան, անհատ մը, անհատներ կամ խմբաւորում մը, իր մտածածը կը համարէ այլոց ակնկալութիւնը:
Մամուլի առաջին պաշտօնն է տեղեկատուութիւնը:
Հարցեր. ի՞նչ բան տեղեկացնել, այսինքն՝ բովանդակութիւնը, ո՞վ կ՛որոշէ այդ ընտրութիւնը: Հարցման համապարփակ եւ ընդունելի պատասխան պէտք է տալ, երբ մենատիրութիւն չկայ: Ժամանց-զբօսի մամուլի մասին չենք մտածեր, որ կայ բոլոր երկիրներու մէջ, նաեւ մեր մէջ, որ կը խուժէ նաեւ ժողովրդավարական-քաղաքական մամուլի մէջ, ընթերցող-լսող-դիտող լայն «յաճախորդութիւն» ունենալու համար:
Այս պատճառներով ալ, դժուար է սահմանել մամուլի դերը եւ ազատութիւնը:
Ֆրանսայի մէջ 2008 Սեպտեմբերին գումարուեցաւ գրաւոր մամուլի խորհրդաժողով, որ կեդրոնացաւ կարգ մը կէտերու վրայ. հասկնալ՝ թէ տագնապը նո՞յնն է արեւմտեան բոլոր երկիրներուն համար, լուծումները ո՞ր չափով արդիւնաւոր են, ճշդել թէ ի՞նչ կ՛ուզեն մամուլի աշխատաւորները եւ ընթերցողները, խորհիլ համախոհութեան մը մասին, նաեւ այն մասին՝ թէ ինչո՞ւ մամուլ ունենալ: Աւելի ճիշդ՝ մամուլի եւ ընկերութեան կապի մասին:
Ի՞նչ բանի կը ծառայէ մամուլը, ի՞նչ է անոր դերը ներկայ հայ ընկերութեան մէջ: Անիկա միթէ նո՞յնն է, ինչ որ էր դար մը, կէս դար կամ քսան տարի առաջ: Արհեստագիտութիւնը եւ ընկերային հոլովոյթը պիտի ջնջե՞ն գրաւոր-տպագիր մամուլը: Ի՞նչ կ՛ուզենք մամուլէն եւ ի՞նչ է անոր դերի ըմբռնումը ընկերութեան կողմէ:
Մամուլի դերը հիմնարար է ժողովրդավարական համակարգի մէջ, մանաւանդ երբ որակ ունի: Բացարձակատիրական եւ նման կացութիւններու մէջ, անիկա քարոզչական միջոց է, սպասարկու՝ իշխանութեան կամ փոքրամասնութեան մը («էսթէպլիշմընթ»ի) շահերուն: Ճիշդ պէտք է հասկնալ ժողովրդավարական ընկերութիւնը, որուն առաքինութիւնը կը սահմանուի ազատութեամբ եւ հաւասարութեամբ, ուր ժողովուրդն է աղբիւրը օրէնքին եւ անոր գործադրութեան: Նկատի ունինք մերօրեայ ժողովրդավարութիւնը եւ ոչ Աթէնքը, որ տոհմական էր: Մամուլը պէտք է ըմբռնել իր ընդհանուր բնութագրումով եւ ձեւերով: Անիկա անմիջական է, դատումի եւ խորհրդածութեան ժամանակ չունի: Բայց նաեւ արգելք է այլազան հաշիւներով անտեսման եւ մոռացման: Այս չի նշանակեր որ մամուլը մտածման եւ դատումի տեղ չի ձգեր: Անմիջականի լրատուութիւնը եւ անոր մասին մտածումը լրացուցիչ են՝ հասկնալու համար: Լուրը եւ դիպուածայինը գերանցող հրապարակագրութիւնը կը գոյացնեն իրաւ մամուլը:
Տպագիր մամուլը նոյնը պիտի չըլլայ ինչ որ էր թուայինի յեղափոխութենէն առաջ: Անոր հոլովոյթին հետ քայլ կը պահէ կամ կ՛անհետանայ, տեղի տալով մանրուող եւ մանրացած ենթակայական տեղեկատուութեան:
Տպագիր մամուլը պէտք է փրկել, որպէսզի հետք մնայ լրջութեամբ եւ ոչ փշրանքներով: Անոր շօշափելի յատկացում ընող պետութիւններ կան: Երիտասարդները կը կարդան ձրի թերթերը: Այդ ընթերցումը կրնա՞յ սովորութիւն դառնալ ընդհանրապէս գրաւոր մամուլին համար: Անոնք կրնա՞ն վերջնականապէս հարուածել զայն:
Հիմնահարց. տպագիր եւ վճարովի մամուլը կարելի՞ է փրկել՝ թերթ, ամսագիր, գրական հանդէս… Անոնք տեղ ունի՞ն եւ պիտի ունենա՞ն նոր քաղաքակրթութեան մէջ: Ի՞նչ պիտի ըլլան մամուլի անհետացման հետեւանքները ընկերային կեանքի զանազան մարզերէն ներս:
Մամուլը եւ լրատու միջոցները հետզհետէ աւելի ներկայ են ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Պահանջ է տեւաբար տեղեակ ըլլալ, հասկնալ թէ ի՞նչ կը պատահի մեր շուրջ եւ մեզմէ հեռու: Տեղեկութիւնները կը շրջին աներեւակայելի արագութեամբ:
Մամուլը ոչ-պետական եւ ոչ-իշխանական կարեւորագոյն հաստատութիւնն է ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու եւ մարդկայնութեան (հիւմանիզմ): Ընկերութիւնները այսօր Աթէնքի պատկերով չեն, երբ մունետիկը կը բաւէր: Մամուլը այսօր այն դաշտն է, ուր տեղի կ՛ունենան կարծիքներու փոխանակումը եւ անոնց ձեւաւորումը: Անիկա է միայն որ կրնայ հաւաքել, տարածել, մեկնաբանել, լսել, հասցնել: Վիճարկման բեմ է իրաւ մամուլը, ընդդէմ աւանդապաշտութեան եւ բրածոյի, որպէսզի քաղաքացին գիտնայ եւ դիրքորոշուի:
Այս լաւատեսութեան կողքին կայ նաեւ հակառակը, երբ կը չարաշահուի տեղեկութիւնը, բացասական ազդեցութիւն ունենալով գիտակցութիւններու վրայ: Համացանցային արագ լրահոսը կրնայ արգելք ըլլալ բացասականութեան, ամէն մարդ պատրաստուած չէ ջոկելու եւ դատելու, եւ դռները բաց են ամբոխավարութեան եւ ամբոխային տրամադրութիւններու առջեւ:
Էական հարցում մը. քաղաքական ի՞նչ դեր դեռ կրնայ ունենալ մամուլը ժամանակակից ընկերութիւններու մէջ, ուր կարգախօս է՝ կառավարումը ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Այդ մամուլին մէջ կա՞յ ժողովուրդը, կ՛ուզէ՞ հոն ըլլալ, թէ ուրիշներ համոզումներ կը հագցնեն այդ ժողովուրդին: Այդ ուրիշները ինչպէ՞ս հակակշռել: Ինչպէս կարգ մը մտածողներ ըսած են՝ ժողովուրդի վեհապետութիւնը եւ մամուլի ազատութիւնը կ՛առնչուին (Թոքվիլ): Քուէի իրաւունքը բաւարար չէ ժողովրդավարութեան համար, եթէ քուէարկողը նախապէս լուսաբանուած չէ: Ըսենք, որ մամուլը հսկող աչքն է ժողովրդավարական խաղին: Անով է որ զիրար չտեսնող մարդիկ կը յանգին նոյն կեցուածքներուն: Մամուլի այս ուժն է, որ կրնայ օգտակար ըլլալ ժողովրդավարութեան կամ չարաշահուելով դառնալ աղէտ:
Մամուլը ժամանակակից հրապարակային վիճարկումի դաշտն է, ինչ կը վերաբերի հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն: Ի հարկէ քաղաքական, բայց նաեւ տնտեսական, կրթական, գրական, իմաստասիրական: Հիացումով կարդացած եմ, ֆրանսական նոյն թերթին մէջ, նախագահին, իրարու դէմ պայքարող կուսակցութիւններու պարագլուխներու, իրենք զիրենք կողմերէն վեր դասող մտաւորականներու ստորագրած էջերը, ինչ որ թերթը դուրս կը բերէ կողմնապաշտութենէ եւ կը հաստատէ անոր անկախութիւնը: Այս ըմբռնումով գործող մամուլը կը դառնայ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, չորրորդ իշխանութիւն կամ հակա-իշխանութիւն: Ուրկէ անհրաժեշտութիւնը երթալու դէպի աղբիւրը տեղեկութեան, ի հարկին հետաքննութիւն կատարել: Այս մամուլի իսկական բարոյականութիւնն է:
Համացանցը անդուռ, անհակակշռելի, երբեմն նոյնիսկ անհակակշիռներու լրատուութիւնը լսելու-լսուելու նոր հորիզոն բացած է, որ ծանուցումի գնուած էջ մը չէ: Պիտի ծնի՞ հանրային կարծիք մը, որ գիտնայ զատորոշել տնավարի խօսակցութիւնը մամուլի ժողովրդավարական էական դերէն:
Ցարդ դասական մամուլը տիրական իր դերը կը պահէ: Բայց մինչեւ ե՞րբ:
Այլ խօսքով, գաղափարներու զտման, սահմանման, յղկումի դաշտը կը կարօտի սրբագրութեան եւ իմաստուն վերահսկողութեան: Հրապարակային վիճարկումը ուղղուած զանգուածին ունի բացասական սահմանափակումներ, քանի որ դէմ առ դէմ կը գտնուինք կարողութիւններու եւ միջոցներու անհաւասարութեան:
Խորհրդաժողով մը, հայրենասիրական, զգացական եւ կողմնապաշտական զեղումներու մշակումէն անդին պիտի ըլլա՞յ ազգային, մշակութային եւ ինքնութեան կերտման դաշտ: Որակ, ազգային լեզու (ոչ ոջիլի շուկայի լեզու, flee market, marche aux puces), իրաւունքի գիտակցութիւն, ժողովրդավարական հաւասարութեան միտում միասնաբար անհրաժեշտ են:
Իրաւ մամուլը կը մերժէ սիրողականը, մօտաւորապէսը, իշխանութեան եւ «էսթէպլիշմընթ»ին խնկարկումը, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ անոր պէտք ունի տոկալու, տեւելու եւ ազգակերտ գործ կատարելու համար:
Հայրենասիրականի, նորութեան եւ անմիջականի հունին մէջ, մոռցուած է մամուլի էական դերը հայ գրականութեան համար, որ եղած է անոր տնկարանը, առանց «Մշակ»ի եւ «Ազատամարտ»ի թերեւս Րաֆֆի եւ Գրիգոր Զօհրապ չէինք ունենար: Գրականութիւնը բացակայ է մեր մամուլէն, որ ինքզինք բանտարկած է յանկերգուող «հայրենական» լրատուական մանրուքի մէջ: Թերեւս այլ բան ընելու մարդիկը չկան: Կամ աւելին աւելորդ կը համարուի:
Մամուլը այսօր մեր ինքնութեան հիմ հայերէնի որակի պաշտպանութեան եւ զարգացման բե՞մն է, թէ հակառակը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ): Գերմանացի իմաստասէրը կ՛ըսէր, թէ «հարցումները աւելի կարեւոր են քան անոնց տրուած պատասխանները (Հուսէրլ): Ֆրանսական կամ անգլիական մամուլը ամբոխի լեզու չէ, քերականական եւ շարահիւսական սխալներով, օտարաբանութիւններով եւ օտար բառերու խճողումով: Խայտառակ հայերէնով մամուլը ազգավնաս է եւ մաղթելի է որ չըլլայ:
Մամուլը ազգակերտ դեր ունի, եթէ ինք ունենայ ազգամշակոյթի բովանդակութիւն եւ դիմագիծ, չըլլայ անգիտութեան եւ հայերէնը բութ դանակով մորթելու բեմ:
Մամուլի խորհրդաժողովի մը խօսած էի լեզուի զտման մասին, բառերու ցանկ մըն ալ կարդացած էի, խանդավառուողներ ալ եղած էին: Բայց այսօր հոն ենք, ուր որ էինք: Որքան լաւ պիտի ըլլար որ այս խորհրդաժողովին մասնակցէր նաեւ Լեզուի պետական տեսչութիւնը եւ թերեւս անիկա լրացուէր համազգային հասկացողութեամբ:
«Մոդեռնացուող» լեզուն խուժած է ամէն տեղ, խօսակցութիւններու մէջ, հեռատեսիլ, պետական անձերու արտայայտութիւններ: Մտաւորականութեան եւ պետութեան կողմէ բծախնդրութիւն չկայ, հաւանօրէն նաեւ անզօրութեան զգացումի հետեւանքով: Լեզուն բանտարկուած է սոսկ հաղորդակցական միջոցի սահմաններուն մէջ, առանց անցեալ, ինքնութիւն, լեզուի իւրայատուկ հանճար եւ իմաստ փոխադրող բառերու հարստութիւնը նկատի առնելու: Ներածումներ՝ առանց բառարան նայելու: Կ՛ըսուի՝ «լեզուն սոցիալական երեւոյթ է»:
Այս նահանջը, հետզհետէ աւելի արագ, գոյութիւն ունի Սփիւռք(ներ)ու մէջ, տարբեր ձեւերով, երբ լեզուն կը վերածուի իր նուազագոյն ձեւին, միշտ պէտք է կրկնել Շաւարշ Միսաքեանի բիրտ եւ պատկերաւոր բացատրութիւնը՝ «հաց-պանիր»ի հայերէն, տեղական լեզուներու նուազագոյն որակով խառնուրդի մը ծնունդ տալով:
Հայը, իր ինքնութեամբ եւ լեզուով, փոխակերպման ընթացքի մէջ է, կ՛ըսեն՝ «մուտացիա», որ կը նշանակէ նոր բան կը ծնի, որ մեծ գրող Վիգէն Խեչումեանի բառերով, կրնայ ըլլալ «նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Այս տագնապը ունի՞նք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.