ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2ին կը հաղորդուէր, թէ Քոպանիի մէջ ծանր բախումները կը շարունակուին՝ զայն գրաւել փորձող «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպAութեան ծայրայեղական զինեալներուն ու քաղաքը պաշտպանող քրտական ուժերուն միջեւ, քաղաքի իշխանութիւնները հաղորդած են, որ վերջերս Թուրքիայէն Քոպանի մուտք գործած հիւսիսային Իրաքի քիւրտերու հեռահաս հրետանին սկսած է օգտակար հանդիսանալու Քոպանիի պաշտպանութեան ջանքերուն։
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարած է, որ իր երկիրը կը շարունակէ հանդէս գալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելու օգտին, սակայն միաժամանակ խոստովանած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տարածքներ գրաւած «Իսլամական պետութեան» վրայ օդային յարձակումները կրնան ձեռնտու ըլլալ Սուրիոյ նախագահին:
Իր կարգին, ՄԱԿի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարած է, որ Դամասկոս կը փափաքի Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան տեսնել Սուրիոյ «բարեկամներու նոր խմբակ»ի կազմին մէջ, սակայն այդ պայմանով, որ անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց քաղաքականութիւնը եւ հրաժարին Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող ահաբեկիչներուն աջակցելէ: «Չենք կրնար արտօնել, որ այն երկիրը, որ կը սատարէ ահաբեկչութեան, մէկ սեղանի շուրջ նստի Սուրիոյ ընկերներուն հետ եւ քննէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Ինչպէ՞ս կարելի է ըլլալ ընկեր, երբ ձեր տարածքին մէջ ահաբեկիչներու պատրաստման ճամբարներ գոյութիւն ունին», նշած է ան:
Նաեւ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ստեղծելու ապահով գօտիներ, ուր բախումները պիտի սառեցուին:
Ան նշեց, որ իբրեւ առաջին փորձ՝ այդպիսի գօտի մը կրնայ ստեղծուիլ Հալէպի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.