ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակած է Հայաստանի առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած առաջին տասնեակը կը գլխաւորէ «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքի վրայ են «Ղ-Տելեկոմ» եւ «Ալեքս գրիգ» ընկերութիւնները:
Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ «Արմէնիա տելեֆոն կոմպանի»ն, «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»ը, «Ֆլեշ»ը, «Գրանդ-տոբակօ հայ-կանադ.հ.ձ»ն, «Սիփիէս օիլ քորփորէյշըն»ը, «Երեւանի կոնեակի գործարան»ը:
Նշենք, որ ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին հետ բաղդատելով՝ երրորդ եռամսեակին մեծ հարկատուներու առաջին տասնեակին մէջ պատկերը նոյնն է՝ ի բացառութիւն անոր, որ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը իր դիրքը մէկ կէտով բարելաւած է «Ֆլեշ» ընկերութեան նկատմամբ՝ գրաւելով 6րդ տեղը։
«Ղ-Տելեկոմ»ը Յունուար-Յունիս ամիսներուն պետութեան վճարած է 10 միլիառ 239 միլիոն դրամէն աւելի հարկ, մինչդեռ Յուլիս-Օգոստոս-Սեպտեմբերին՝ շուրջ 11.9 միլիառով աւելի՝ 22,150,578 միլիառ:
«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատը» եթէ առաջին վեց ամիսներուն որպէս հարկ վճարած է 6 միլիառ 21 միլիոն դրամ, ապա երրորդ եռամսեակին վճարած է 6 միլիառ 761 միլիոն դրամէն աւելի հարկ։
ՅունուարՍեպտեմբեր ամիսներուն առաջին տասնեակին մէջ գտնուող ընկերութիւնները վճարած են՝ «Գազպրոմ Արմէնիա»ն՝ 30 միլիառ 188 միլիոն դրամէն աւելի, «Ղ-Տելեկոմ»ը՝ 22 միլիառ 150 միլիոն 578 հազար դրամէն աւելի, «Ալեքս գրիգ»ը՝ 14 միլիառ 752 միլիոն 624 հազար դրամ, «Արմենիա տելեֆոն կոմպանի»ն 12 միլիառ 882 միլիոն 235 հազար դրամ, «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը՝ 12 միլիառ 782 միլիոն 431 հազար դրամ, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»ը 9 միլիառ 727 միլիոն, «Ֆլեշ»ը՝ 8 միլիառ 997 միլիոն «Գրանդ-տոբակօ հայ-կանադ.հ.ձ»ը՝ 7 միլիառ 259 միլիոն, «Սիփիէս օիլ քորփորէյշըն»ը՝ 7 միլիառ 68 միլիոն եւ «Երեւանի կոնեակի գործարան»ը՝ 5 միլիառ 131 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.