
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նոր իմացայ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անաղմուկ սր-բագրած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մօտ գտնուող ցուցանակը՝ նշելով անոր «հայկական» ծագումը:
Տասնամեակներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները հա-մակարգուած ձեւով թաքցուցած են հայկական եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու իսկական ինքնութիւնը, որպէսզի ոչ ոք յիշէ, որ հայերը հազարաւոր տարիներ ապրած են այժմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ բռնագրաւուած հողերուն վրայ: Չբացայայտելով հայկական քաղաքակրթութեան հետքերը՝ թուրք պաշտօնեաները յոյսով էին, որ այդպէս հարկ չ՛ըլլար բացատրել հայերու անհետացումը. թրքական ժխտողականութեան այլ դրսեւորում մը:
Տակաւին 2007ին թրքական կառավարութիւնը բացման շքեղ արարողութիւն կազմակերպեց 10րդ դարու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորգումէն ետք: Մինչ որոշ հայեր միամտօրէն մասնակցեցան թրքական քարոզչական հանդիսութեան, ես քանի մը քննադատական յօդուածներ գրեցի մատնանշելով, որ թրքական իշխանութիւնները չեն թոյլատրած հայկական եկեղեցական արարողութիւն (բացառութեամբ՝ տարին մէկ անգամ) եւ մերժած են եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելու թոյլտուութիւնը: Անոր փոխարէն՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցին պաշտօնապէս ներկայացուած է իբրեւ թանգարան եւ դրուած Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, այլ ոչ թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ենթակայութեան տակ: Աւելի ուշ, խաչը տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթին:
2007ի իմ յօդուածիս մէջ չէի գրած եկեղեցւոյ ցուցանակի արձանագրութեան մասին, ուր որեւէ յիշատակում չկար հայերու վերաբերեալ՝ ո՛չ անգլերէն, ո՛չ ալ թրքերէն: Ստորեւ կը ներկայացուի այդ նախկին արձանագրութեան վերնագիրն ու առաջին բառերը, որոնք գրուած էին անգլերէնով.
«Աքտամար կղզի եւ յուշարձան-թանգարան: Մուտքը՝ 5 թրքական լիրա: Աքտամար կղզի եւ եկեղեցի: Աքտամար եկեղեցին կառուցուած է վանականներու եւ ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ, 915-921 թուականներուն ընթացքին, Վասպուրականի Գագիկ Ա, թագաւորին պատուէրով…»:
Անցեալ շաբաթ Կլենտեյլի հայկական գրախանութի մը մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ Անգարայի համալսարանի օգնական դասախօս Սենեմ Չեւիքին, որ ինծի ցոյց տուաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ցուցանակին երկու տարբեր լուսանկարները: Առաջինին վրայ, որ ան լուսանկարած էր մէկ տարի առաջ, պատկերուած էր վերոյիշեալ արձանագրութիւնը: Իսկ երկրորդին վրայ, որ անցեալ ամիս նկարած էր անոր գործընկերներէն մէկը, կ՛երեւէր նոր արձանագրութիւնը, որ կառոյցը կը ներկայացնէ իբրեւ հայկական եկեղեցի.
«Աղտամարի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցի: Եկեղեցին կառուցուած է վանական ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ, 915-921 թուականներու ընթացքին, Վասպուրականի Գագիկ Ա, թագաւորին պատուէրով: Կառուցուած է երեքնուկի չորս տերեւներու ձեւով եւ խաչաձեւ հիմքին համաձայն, եկեղեցին ներսէն ծածկուած է գմբէթով, իսկ դուրսէն՝ բրգանման կոնով: Եկեղեցին ունի երկու դարպաս, մէկը հարաւային, իսկ միւսը՝ արեւմտեան կողմէ: Հետագայ ժամանակշրջաններուն եկեղեցւոյ կից աւելցուած են Զաքարիա Ա.ի մատուռը, ժամատուն մը եւ զանգակատուն մը, իսկ Սուրբ Ստեփանոսի մատուռը կառուցուած է առանձին: Սուրբ Խաչ անունով կառուցուած եկեղեցին 1131 թուականին վերածուած է վանքի: Եկեղեցւոյ ճակատի քարէ քանդակներուն վրայի կրօնական տեսարանները վերցուած են Հին ու Նոր Կտակարաններէն, պալատական կեանքէ, որսի տեսարաններէ, ինչպէս նաեւ պատկերուած են մարդոց եւ անասուններու նկարներ: Այս պատկերները կարեւոր են, քանի որ անոնք եկեղեցին կը տարբերեն միւս եկեղեցիներէն: Եկեղեցւոյ ներսի պատերուն կան տարբեր որմնանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Աստուածաշունչէն վերցուած նկարագրութիւններ»:
Անգլերէնով եւ թրքերէնով գրուած այս նոր արձանագրութեամբ Սուրբ Խաչ եկեղեցին յստակօրէն նշուած է իբրեւ հայկական եկեղեցի: Սակայն տակաւին կայ մէկ խնդիր: Թէեւ եկեղեցւոյ անունը անգլերէնով ճիշդ գրուած է՝ Աղթամար, սակայն թրքերէնով անիկա ներկայացուած է թրքացուած անունով՝ Աքտամար:
Ես միայն կրնամ ենթադրութիւններ ընել, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հրապարակային յայտարարութիւն չէ ըրած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բարեփոխուած արձանագրութեան վերաբերեալ: Ահա՛ որոշ հնարաւոր պատճառներ.
– Տգիտութիւնը թուրք ստորին աստիճանի պաշտօնեաներու, որոնք չեն հասկցած այս փոփոխութեան գովազդային արժէքը:
– Բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու դժկամութիւնը՝ վախնալով, որ իրենք ծիծաղելի վիճակի մէջ պիտի յայտնուին, եթէ յոխորտալով յայտարարեն ակնյայտ բան մը, զոր շատոնց արդէն պէտք էր կատարած ըլլային:
– Թուրք պաշտօնեաներու մտավախութիւնը, որ թէեւ վերանայուած նիւթի հրապարակայնացումը դրական տպաւորութիւն պիտի ստեղծէ արտաքին աշխարհի մէջ, սակայն իրենք քննադատութեան թիրախ պիտի դառնան երկրին մէջ՝ հայերուն ծառայութիւն մատուցած ըլլալնուն համար:
– Նորընտիր թուրք ղեկավարներու ուշադրութեան շեղումը այս հարցէն՝ այլ աւելի հրատապ խնդիրներու պատճառով: Անոնք դեռ կրնան աւելի ուշ այս մասին յայտարարութիւն ընել:
Նոյնքան տարօրինակ է այն հանգամանքը, որ հայկական կողմէ ոչ ոք, ներառեալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը, որեւէ բան չէ ըսած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հայկական ծագումը վերահաստատող նոր արձանագրութեան մասին:
Կը մնայ միայն յուսալ, որ Աղթամարի եկեղեցւոյ ցուցանակին այս ուղղումը նախերգանք պիտի ըլլայ հայկական մշակութային ժառանգութեան նման ճանաչման՝ Թուրքիոյ բոլոր թանգարաններուն մէջ, եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն մէջ, ներառեալ՝ քաղաքամայր Անիին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը