
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին այցելած է Մարտակերտի շրջանի Տօնաշէն գիւղ, ուր մասնակցած է արցախեան ականաւոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ ունեցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար, յետմահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Շահէն Մեղրեանի որդիին յանձնուած է «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը: Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է Շահէն Մեղրեանի դերակատարութիւնը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին եւ պետականաշինութեան մէջ՝ նշելով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը հայրենիքին անձնուիրաբար ծառայելու լաւագոյն օրինակ է:
Նախագահ Սահակեան, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած արիութեան ու անձնական խիզախութեան համար պարգեւներ յանձնած է նաեւ Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան ջոկատի խումբ մը մարտիկներու: «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է երկու հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով՝ վեց հոգի, երեքը՝ յետմահու:
Հանդիսութեան մասնակցած են նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հիւրեր Հայաստանէն ու արտերկրէն: