
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովուրդը ոտքի հանելու նպատակ ունեցող կուսակցութեանց եւ անոնց ղեկավարներու տրամաբանութիւնը հասկնալը բաւական բարդ առաջադրանք եղած է ու կը մնայ ըլլալ:
Ահա «Ազատութիւն» հրապարակը դարձեալ ողողուած է մեծ թիւով քաղաքացիներով, որոնք անգամ մը եւս որոշած են առիթ տալ ընդդիմադիր ուժերուն, որ իշխանափոխութեան դրօշակը յաղթական աւարտի հասցնեն: Տասնեակ անգամներ հիասթափութեան մատնուած ժողովուրդը, զարմանալի ուժով տակաւին իրեն մէջ լաւատեսութեան սերմեր կը գտնէ եւ ոտքի ելլելու իր պատրաստակամութիւնը կը վերահաստատէ:
Այսպիսի ժողովուրդով, ձախողութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի ընդդիմութեան ղեկավարներուն, որոնցմէ ընդդամէնը կը պահանջուի գտնել միասնականութիւնը պահելու բանաձեւը, որուն համար կախարդական կամ գերմարդկային շնորհքներով օժտուած ըլլալը բնա՛ւ նախապայման չէ:
Ահա՛ «Ազատութեան» հրապարակը, վճռական բազմութիւնը. ահա՛ ղեկավարներու հարթակը, ուրկէ պէտք է հնչէ միասնական մարտավարութեամբ իշխանափոխութեան օրակարգի լուծումը:
Բայց եւ ահա՛ հարթակը, որ կարծես քաղաքական վերլուծումներու բեմ է, ուրկէ հակասական վերլուծումներ կը հրապարակուին երկրի արտաքին յարաբերութիւններու, ստորագրուած համաձայնագիրներու վերաբերել:
Որքա՛ն ալ փորձենք երկրորդական դասել ներքին հակասութիւններ մատնող արտայայտութիւնները, ի վերջոյ, վճռական երթի պատրաստուած բազմութիւնը բնազդով կը գիտակցի, թէ այս միասնութիւնն ալ կրնայ որեւէ պահու քայքայուիլ:
Արդարեւ, Ուրբաթ օրուան ժողովրդային հաւաքին ընթացքին հնչած ելոյթներէն կարելի է քաղել հետեւեալ եզրակացութիւնը, որ՝ սկսելով Հայաստանի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մաս կազմելէն, մինչեւ բուն իշխանափոխութեան օրակարգը եւ ասոնց կողքին ներքին նուիրապետութիւնը յստակացնելու իբր թէ թաքնուած բարդութիւնը, ցաւալիօրէն, ժողովրդային շարժումի թափը կտրելու բոլոր նախադրեալները կը բացայայտէ։