
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Իններորդ յարկի երեւանեան պատուհանէս կը դիտեմ Ամիրեան փողոցը, մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ ու զայն հատող Մաշտոցի պողոտան: Երեւան քաղաքի հիմնադրութեան տարեդարձն է. ամէն կողմ դրօշակներ, գոյնզգոյն փուչիկներ, ոստիկանական մեքենաներու աղմկոտ եռուզեռ ու բարձրաձայն երգ ու երաժշտութիւն:
Կը դիտեմ ու կը զգամ, որ լիարժէք չէ ուրախութիւնս, ինչ որ խանգարող բան կայ: Կարծես մէկ աչքս կը խընդայ, իսկ միւսը տամկացած է եւ ուր որ է հիմա պիտի արցունքոտի:
Եւ կայծակնային արագութեամբ մը կը յիշեմ Թէքէեանը. «Ու մերթ խնդաց ու մերթ լացաւ իմ հոգին…»։ Երկփեղկուած եմ: Հալէպն է պատճառը: Երեւանի մէջ նստած, Հալէպով կ՛ապրիմ, ինչպէս Հալէպի մէջ ալ Երեւանով կ՛ապրէինք: Հալէպը չունի տարեդարձ: Ինչպէ՞ս ունենայ, երբ մարդ չի գիտեր, թէ ե՞րբ հիմնուած է. ինչպէ՞ս պիտի գիտնան, երբ անոր ծնունդը թաղուած է պատմութեան անտակ խորերը: Չէ՞ որ UNESCO-ն յայտարարեց, որ անիկա աշխարհի ամենահին քաղաքն է, որ դեռ կ՛ապրի… Կ՛ապրի՞…
Առասպելը կ՛ըսէ, որ Ս. Գրային Հայր Աբրահամը ապրած է անոր միջնաբերդին մէջ եւ քանի որ ան սպիտակ կով մը ունէր, անունը Շահպա, զոր կը կթէր ամէն օր, ու մարդիկ կ՛ըսէին՝ «Հալապ Ըշշահպա», այսինքն՝ Հայր Աբրահամը կթեց իր Շահպա կովը, ատոր համար ալ մինչեւ այսօր Հալէպի անունը «Հալապ Ըշշահպա» մնացեր է, «Սպիտակ Հալէպ». սպիտակ Հալէպ, սեւ ճակատագիրով…
Հիմա, ակամայ մէկ տարեդարձ կը յիշուի, 2011, Մարտ 15, այսինքն՝ Սուրիոյ փլուզման սկիզբը… որուն յաջորդեց Հալէպինը: Տարեդարձ, ուր փլատակները եղան կարկանդակ, հրասանդները՝ անոր մոմերը:
Դեռ կը դիտեմ պատուհանէս, բայց շաղուած են աչքերս ու բան չեմ տեսներ: Իջնեմ փողոց, խառնուիմ ամբոխին ու մոռնամ Հալէպը: Մոռնա՞մ Հալէպը… Այսինքն մոռնամ կեանք մը ամբողջ, գիծ քաշեմ մանկութեանս վրայէն, գիծ քաշեմ պատանեկութեանս, երիտասարդութեանս, հասուն տարիքիս վրայէն… Ինքզինքի՞ս դաւաճանեմ, թէ Հալէպիս:
Կը խայտայ Երեւանը. կը խայտայ երեւանցին իր մանուկով, իր պարման-պարմանուհիներով, իր մամիկ-պապիկներով, իր պայծառ երկինքով ու մեր նախնեաց Արեւ աստուածով:
Տէր Աստուած, չար աչքերէն պահէ պահպանէ Երեւանս, եւ թող գայ այն օրը, ուր ծննդեան վկայագիր չունեցող Հալէպը ունենայ վերածննդեան վկայագիր: