
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակը ողջունած է Եւրոխորհրդարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բարեկամութեան խմբակի ստեղծումը՝ նշելով, որ Պրիւքսէլի մէջ, ԼՂՀ անկախութեան 23րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումը համախմբած էր Եւրոխորհրդարանի մէկ տասնեակէն աւելի պատգամաւորներ ու միջազգային եւ համայնքային շարք մը կառոյցներու պատասխանատուներ: Միջոցառման գլխաւոր բանախօսը Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանն էր։
«Այս մէկը ճիշդ ուղղութեամբ առնուած կարեւոր քայլ է. եւրոպական հաստատութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի առաւել մեծ ներկայութեան նպաստելը, կը նշանակէ նպաստել այդ հաստատութիւններուն կողմէ այս երկրի իրականութիւնը առաւել հիմնաւոր կերպով ճանչնալուն», մեկնաբանած է Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան:
Անդրազգային այս խմբակին նպատակը ճանաչողական այցերու միջոցով եւրոպական եւ ղարաբաղեան քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման նպաստելն է, ինչպէս նաեւ՝ եւրոպական եւ միջազգային հաստատութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայութիւնը ամրապնդելը:
«Մեր ժամանակաշրջանին, այլեւս անհնար եւ ապօրինի են որեւէ երկիրի՝ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութիւնը խանգարելու փորձերը», նշած է Ռոշպլուան: «Եւրոպան պէտք է սորվի ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը: Ծանօթանալով այդ երկիրին՝ Պրիւքսէլ եւս պիտի ճանչնայ զայն», եզրափակած է ան: