Ճան Պես, որ Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանն է, Հոկտեմբեր 18ին Անգարա հասած է եւ Հոկտեմբեր 20ին իսկ ընդունուած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ՝ յանձնելով իր հաւատարմագիրները եւ ստանձնելով իր պաշտօնը։ Այս արագ կարգադրութիւնը զարմանք պատճառած է քաղաքական շրջանակներուն, որոնք կ՛ակնկալէին, թէ Էրտողան աւելի երկար սպասցնէր Պեսը, որ առիթով մը Էրտողանը «ճնշող քաղաքագէտ» կոչած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.