
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Հայաստանի մէջ մեկնարկած են ԱՊՀ երկիրներու Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միասնական համակարգի ուժերու եւ միջոցներու մարզումները, որոնց կը մասնակցին Հարաւային ռազմական կազմերու Ռուսիոյ ռազմակայանի զենիթային եւ օդանաւային ստորաբաժանումները եւ Հայաստանի զինուած ուժերը:
Խմբային մարզումներու ընթացքին կը մշակուի ԱՊՀ ՀՕՊ միասնական համակարգի կառոյցներու փոխգործակցութիւնը պայմանական օդային հակառակորդներու յայտնաբերման, խափանման եւ ոչնչացման, Հայաստանի մէջ տեղակայուած ստորաբաժանումներու ու օդային սահմաններու հսկման, ինչպէս նաեւ աղէտի ենթարկուած օդանաւերուն օգնութիւն ցուցաբերելու խնդիրներուն:
Ընդհանուր առմամբ շուրջ 30 պայմանական թիրախներու ոչնչացման ռազմաուսումնական խնդիրներու իրագործման ուղղուած մարզումներուն կը մասնակցէին շուրջ 25 օդանաւ՝ «Միգ-29», «Սու-25» կործանիչներ եւ «Մի-24», «Մի-8» ուղղաթիռներ, զենիթային հրթիռային ստորաբաժանումներու աւելի քան 100 միաւոր ռազմական յատուկ համակարգ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 500 զինուորներ:
«Թռչում ենք զոյգերով եւ «օղակներով»: 2րդ դասից գրեթէ ամբողջ օդաչուական կազմը պատրաստ է վարել մանեւրային օդային մարտեր զոյգերով: Բացի այդ, մանեւրային մարտերի պատրաստ է երկու «օղակ»: Մարտերը միայնակ ունակ են անցկացնել բոլոր օդաչուները», յայտարարած է Էրեբունի օդակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական օդանաւային խարիսխի հրամանատար, գնդապետ Ալեքսանտր Փեթրովը: