Քոյրիկս Սիլվան, երկրորդ զաւակը Շահէնին եւ Սօնային, ծնաւ Այնճարի մէջ, 1959ին, եւ Այնճարը մնաց իր սիրտին մէջ, եւ մեր գիւղի պարզունակութիւնը կերտեց իր նկարագիրը, մեր գիւղի գեղեցկութիւնը հարստացուց իր հոգին:
Յաճախեց Այնճարի ազգային «Յառաջ» վարժարանը, ապա՝ ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան: Չարուկ էր, անվախ, տղայական: Անմիջականութիւնը զինք հարազատ կը դարձնէր առաջին իսկ հանդիպողներուն, ո՛ւր մնաց երկար տարիներու դասնըկերներուն, որոնց հետ իր կապուածութիւնը անքակտելի էր, իր սրտակցութիւնը՝ ջերմ ու վարակիչ:
Իր դասընկեր, իր թաղակից Վրէժը պիտի ըլլար իր կեանքի ընկերը: Այդպէս որոշած էին երկուքը, այդպէս ալ եղաւ: Դպրոցը աւարտելէ ետք երբ ծնողներուն ու զոյգերուն՝ Անիին ու Արմէնին հետ եկաւ Ամերիկա միանալու իր «ախբար»ին, անհանգիստ ու ջղային օրերով լեցուեցաւ իր կեանքը: Կարօտը թոյլ չտուաւ, որ նոր երկիր մը փոխադրուած ըլլալու զգայնութիւնը ըմբոշխնէր: Յաճախեց քոլեճ, դարձաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ, ունեցաւ նոր ընկերներ, բայց սիրտը ուրիշ տեղ էր: Հազիւ մէկ տարի անցած, համոզեց ընտանքիը, որ մօրաքրոջ հետ պարզապէս պտոյտի պիտի երթայ Այնճար: Գնաց, շուտով հեռաձայնելու համար, որ պիտի նշանուի Վրէժին հետ: Քանի մը օրէն նշանտուքը վերածուեցաւ հարսանիքի որոշումի եւ որոշումը անմիջապէս գործադրուեցաւ: Ափսոս մենք չկրցանք ներկայ ըլլալ Սիլվուկին սուրբ պսակին: Վստահ եմ, որ մենք կորսնցուցինք իր ամէնէն երջանիկ պահերէն մէկը կիսելու առիթը, տեսնելու իր մաքուր, անխառն երջանկութիւնը:
Վրէժին հետ միասին կազմեց իր սուրբ օճախը: Ծնան իր երկու հոգեհատորները, Արեգը եւ Շանթը, որոնց տուաւ ամէն ինչ, որոնց նուիրուեցաւ հոգիով, որոնց գուրգուրաց ու որոնց առօրեան դարձուց իր ուշադրութեան կեդրոնը, իր կեանքի առանցքը: Կեանքն ալ Վրէժին հետ այնպէս կազմակերպեց, որ տեղաւորուի ծնողներուն ու «ախբար»ին ճիշդ կողքը՝ անոնց անմիջական հարեւանութեան մէջ, որպէսզի կարենայ նաեւ իր մեծ սիրտին գուրգուրանքը բաշխել անոնց վրայ, ամէնօրեայ հոգատարութեան տակ առնելով հայրն ու մայրը, տիրութիւն ընելով եղբօր եւ քոյր դարձած հարսին՝ Անիին զաւակներուն՝ Շահանին ու Մհերին: Սիլվային պէս կին ու քոյր ունեցողը կրնար հանգիստ նուիրուիլ սրտամօտ գաղափարի մը, որովհետեւ վստահ կրնար ըլլալ, որ ընտանիքին տէր կանգնող հզօր անհատականութիւն մը կար, գորովոտ ու քնքուշ հոգատար մը:
Ամուսնութենէն ետք անցաւ գործի, «Ռիփապլիք ինտեմնիթի» ընկերութեան մօտ, ուր շարունակեց աշխատիլ մինչեւ այն օրը, երբ չարաբաստիկ հիւանդութիւնը զինք գամեց հիւանդանոցներու անկողիններուն: Գործի շրջանակը, մանաւանդ իր հայ գործընկերները դարձան մօտիկներ, բարեկամներ, ընկերներ, որոնց հանդէպ իր հաւատարմութիւնը անսակարկ էր: Վերջին տարիներուն, տնտեսական տագնապի օրերուն, ջղային օրեր ապրեցաւ՝ մտահոգուելով իւրաքանչիւր գործակիցի աշխատանքով, անոնց ճակատագիրով, ապրուստով:
Կեանքի վերջին տասնչորս ամիսներուն, Սիլվան դրսեւորեց մէկ ուրիշ յատկանիշ: Քաջութիւն եւ անսպառ լաւատեսութիւն: Իր ահաւոր հիւանդութեան կանխատեսումներուն գաղտնօրէն տեղեկացուած էր, մեզմէ ծածուկ դեգերելով «կուկըլ»ի որոնումներու մէջ, գիտէր որ սահմանափակ էին իր կեանքի օրերը, բայց ոչ մէկ ատեն ճնշուած չերեւեցաւ մեզի, ոչ մէկ ատեն յուսահատութեան ու ընկճուածութեան նշան չտեսանք իր դէմքին վրայ: Մեզ էր որ կը մեղքնար, կը խնայէր, չէր ուզեր որ իրմով մտահոգ մեր կեանքը իր հունը փոխէր: Այնպէս կ՛ուրախանար, երբ Վրէժին ընկերները կը հաւաքուէին իրենց բակը: Իր այս անբնական քաջութիւնը ուղղակի հիացուցած էր շատերը:
Ինծի համար, վերջին այս ամիսներուն, իսկական գիւտ էր իր ներաշխարհի հարստութիւնը, անկողինին քով նստած, թէ տան շուրջը միասին քալելու դուրս եկած պահերուն: Ես իմ քոյրիկիս արժէքը, խորքը այնքան քիչ ճանչցած էի: Մենք բոլորս շատ պիտի կարօտնանք իրեն եւ իր քաղցր ժպիտը, որ գծագրուեցաւ դէմքին վրայ նոյնիսկ իր մահուան պահուն, պիտի դրոշմուի մեր միտքին մէջ՝ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Մեծ է մեր ընտանիքին կորուստը: Բարի ճանապարհ, սիրելի քոյրիկ: Քու անուշիկ հոգիդ թող հանգիստ սաւառնի մաքուր երկինքներէն վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.