ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Բայց ինչպէս շուրջ քառորդ դար առաջ, նոյնպէս եւ մեր օրերուն բանավէճը բաց է ու հայ քաղաքական միտքի տարբեր թեւերէն նաեւ այսօր լսելի կը դառնան ձայներ, որոնք կը վիճարկեն իմաստութիւնը յանուն լաւ օրէնքներու մշակման եւ հաստատման պայքարելու ուղիին, երբ փաստօրէն օրէնքը յարգելու եւ գործադրելու տարրական յանձնառութիւնը կը պակսի Հայաստանի մէջ տիրապետող քաղաքական իշխանութեան համակարգին, ինչպէս եւ զայն ղեկավարող իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր ուժերուն։
Պարզ լեզուով՝ հայ քաղաքական միտքի հայրենական ասպարէզը այս օրերուն երկփեղկուած է մէկ կողմէ Սահմանադրութեան վերանայում առաջադրող, իսկ միւս կողմէ իշխանափոխութիւն պահանջող տեսակէտներուն միջեւ։
Յատկանշականօրէն, այսօրուան բանավէճին բաժանարար գիծը այնքան ալ յստակ չէ, խառն նրբերանգներ ունի եւ իրարու դէմ հանած չէ, աւանդական հասկացողութեամբ, մէկ կողմէ իշխանութեան եւ միւս կողմէ ընդդիմադրութեան ճամբարները։
Սահմանադրութեան վերանայումով խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու տեսակէտը պաշտպանող ուժերը կու գան ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմադրութեան ճամբարներէն։
Այսինքն՝ սահմանադրական փոփոխութեան ճամբով իշխանաւոր Հանրապետական Կուսակցութիւնը կ՛առաջադրէ ամրապնդել իր հակակշիռը կառավարման համակարգին վրայ, ինչպէս որ նոյն սահմանադրական փոփոխութիւններով ընդդիմադիր Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ արմատական իշխանափոխութիւն իրականացնել։
Մէկ կողմէ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան – իր Հանրապետական կուսակցութեամբ – կը փորձէ սահմանադրական փոփոխութիւնները ծառայեցնել ընդդիմադիրներու առաջադրած արագ ու արմատական իշխանափոխութեան դիմագրաւումին եւ ջախջախումին։
Իսկ միւս կողմէ՝ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ սահմանադրութեան վերանայման ճամբով, կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել ժողովրդավարական հիմերը լիարժէք իշխանափոխութեան պայքարին եւ յաղթանակով պսակել զայն։
Այսպէ՛ս. իշխանաւոր ուժը – իմա՛ Սերժ Սագսեան – կը յուսայ սահմանադրական փոփոխութեամբ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգը հաստատել եւ, այդ ճամբով, վերստին ստանձնել պետական իշխանութեան բարձրագոյն ղեկը՝ ՀՀ նախագահի սահմանադրական այսօրուան լիազօրութիւնները նորովի ժառանգող ՀՀ վարչապետի պաշտօնին տիրանալով։
Իսկ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ ժողովրդավարական հակակշիռներ հաստատող բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ՝ ընտրազանգուածը պիտի կարենայ իր ազատ կամքը լիարժէք արտայայտել եւ թօթափել օրուան իշխանութեան ու ստուերային ուժերուն պարտադրած ազատ, բայց ոչ արդար քուէարկութիւններով, այլեւ օրինախախտումներով ու ընտրակեղծիքներով պահպանուող լուծը…
Նոյնպէս յատկանշական է, որ սահմանադրական փոփոխութի՞ւն, թէ իշխանափոխութիւն բանավէճը այնքան ալ բաժանարար նշանակութիւն չունի ընդդիմադիր ճամբարի ուժերուն միջեւ։
Փաստօրէն ընդդիմադիր Քառեակը պառակտումի մատնուած չէ այդ տարակարծութեան հետեւանքով, ինչպէս որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդգծեց իր խօսքին մէջ, առանց Դաշնակցութեան մասնակցութեան ընդդիմադիր Եռեակի հրաւիրած 10 Հոկտեմբերի ժողովրդային բազմահազարանոց հաւաքին ընթացքին։
Անկասկած է, նաեւ, որ իշխանաւոր ուժը որեւէ սադրանքի առջեւ կանգ չ՛առներ եւ ամէն քայլի պիտի դիմէ, որպէսզի սահմանադրական փոփոխութի՞ւն, թէ իշխանափոխութիւն երկընտրանքը ըստ ամենայնի խորացնէ եւ այդ ճամբով, ի վերջոյ, մարտավարականօրէն պառակտէ իր ընդդիմադիրները…
Կը յաջողի՞, թէ ո՛չ, գալիք շաբաթները ցոյց կու տան։
Մինչ այդ որոշապէս նկատելի է, որ իշխանաւոր ուժը իր ընդդիմախօսներուն նկատմամբ առաւելութեան կէտ ձեռք բերաւ՝ Սահմանադրութեան փոփոխման առաջադրանքին իր ձեւով եւ իր հաշիւներով տէր կանգնելով։
Նախագահական իշխանութեան համակարգէն Սերժ Սարգսեան ձեռք կը քաշէ, փաստօրէն, իր ՀՀ նախագահի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանին, երբ գործող սահմանադրութեամբ վարագոյրը կ՛իջնէ ՀՀ բարձրագոյն ղեկին վերընտրուելու իր ախորժակներուն վրայ։
Խորհրդարանական կառավարման անցումով՝ նախագահ Սարգսեան կը փայփայէ յոյսը իշխանութեան բարձրագոյն ղեկը ձեռքին պահելու հեռանկարին։ Գործող նախագահը սահմանադրական այլ ուղի չունի, որպէսզի կարենայ իրականացնել ինքնավերարտադրման «հայաստանեան աւանդոյ»չը…
Միայն ընդդիմութիւնը չէ, որ ՀՀ գործող նախագահին կիրարկած սահմանադրական փոփոխութեան խաղին կեղծիքն ու ինքնավերարտադրման մերկութիւնը կը տեսնէ ու կը մերժէ։
Հայ քաղաքական միտքը վերջին քառորդ դարուն կարեւոր ճամբայ կտրեց՝ գաղափարական մանկամտութեան կամ միամտութեան ներքին կաշկանդումները թօթափելու առումով։
Այսօր ասպարէզով քաղաքականութեան հետ աղերս չունեցող հայն անգամ կը տեսնէ ու կ՛անդրադառնայ, որ Հայաստանի այսօրն ու վաղուան օրը յուզող բուն ընտրանքը եւ անոր շուրջ խմորուող բուն բանավէճը շատ անդին կ՛անցնին եւ շատ աւելի խորունկ են, քան իշխանութեան համակարգի սահմանադրական բարեփոխումն ու մինչեւ իսկ նոյնինքն իշխանափոխութեան հրամայականը։
Հայրենի մեր ժողովուրդը, – եւ խորքին մէջ ամբողջ հայ ազգը, – իր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան վերատիրանալով հանդերձ, տակաւին կը սպասէ այն լուսաւոր օրուան, երբ իր ազատ կամքով պիտի կարենայ տնօրինել իր պետական տան եւ աշխարհասփիւռ կեցութեան մեծ ու փոքր խնդիրները, հոգալ իր ազգային-ընկերային կարիքները եւ ընտրել իր հաւաքական երթը առաջնորդող քաղաքական ուժերը։
Հայութիւնը տակաւին կը սպասէ յատկապէս ա՛յն օրուան, երբ օրէնքի ուժով եւ ժողովրդավարական պայքարով պիտի կարենայ սեփական իշխանութեանց ձեւաւորման խնդիրը լուծել եւ համապատասխան յարգանք պարտադրել իր ծոցէն ելած քաղաքական գործիչներուն եւ ուժերուն։
Մինչդեռ դառն իրականութիւնը հակառակին աղաղակող ապացոյցները զգալի կը դարձէ ամէն քայլափոխի։
Վերանկախացեալ Հայաստանի հետ համայն հայութիւնը բռ-նուած է ինքնավերարտադրման ուղիներ հարթող ուժերու դաժան աքցանին մէջ, որ խեղդամահ կը դարձնէ իր քուէի ուժին հաւատացող եւ սեփական ընտրանքին հանդէպ յարգանք սպասող հայ հասարակութիւնը։
Միայն իշխանաւոր ուժերը չեն, որ ինքնավերարտադրման հունով ահա 23 տարիէ ի վեր կը խոցեն ինքնավստահութիւնը հայ քաղաքացիին եւ սեփական պետութենէն կը վանեն հայ քաղաքացիական հասարակութիւնը՝ արտագաղթի հոսանքը անկասելի դարձնելով։
Իշխանաւոր ուժերուն օրինակով ինքնավերարտադրման մէջ են նաեւ ընդդիմադիր ճամբարի առաջնորդող դէմքերը, որոնց յանուն իշխանափոխութեան արձակած կոչերը միայն նորոգելու կը ծառայեն արմատական նորացման պահանջը շեշտող մեր ժողովուրդին հիասթափութիւնն ու անզօրութեան զգացումը։
Սահմանադրական փոփոխութի՞ւն, թէ իշխանափոխութիւն բանավէճը պարզապէս կը բանայ վէրքը հայ քաղաքական միտքը ներքնապէս կրծող ինքնավերարտադրման հիւանդութեան, որ այսօր վտանգաւոր չափով վարակած է հայութեան ազգային մարմինը։
Ինքնավերարտադրում, որուն դէմ բողոքող հայուն անզօրութեան զգացումը յղի է ինքնակործանման վարակներով, որովհետեւ իր ինքնավստահութեան մէջ խոցուած ու պարտուած ժողովուրդը իբրեւ պարարտ հող կը ծառայէ ամէն կարգի բռնաշրջումներու, ընկերային պոռթկումներու եւ արիւնալի հաշուեյարդարներու։
Վերանկախացեալ Հայաստանն ու վերազարթնած հայութիւնը արդար իրաւունքը ունին յաղթահարելու պետական մեր տան սպառնացող ինքնակործանման վարակները։