
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մինչ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի ռմբաձիգները թիրախ կը դարձնեն Իսլամական Պետութեան (ԻՊ) զինեալները՝ Թուրքիոյ հետ Սուրիական սահմանագիծի երկայնքին, Սուրիոյ սահմանամերձ քրտական Քոպանի քաղաքը մատնուած է աւելի լքեալ վիճակի: Այժմ Քոպանին ինքզինք կը գտնէ ԻՊի հրոսակներու ճիրաններուն մէջ, որոնք երեք շաբաթէ ի վեր քաղաքը պաշարումի տակ պահելէ ետք այժմ ի վիճակի են իրագործելու անոր գրաւումը:
Քոպանի, որ քաղաքին քրտական անունն է, արաբերէնով կը ճանչցուի իբրեւ Այն էլ Արաբ: Սակայն անոր ծագումնային անունն է Արաբունար, զոր հիմնադրեցին Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողները՝ իբրեւ ապաստանարան թրքական հալածանքներէն:
Ոչ ոք մատ իսկ կը շարժէ պաշտպանելու համար Քոպանին ու իր բնակչութիւնը՝ ԻՊի հրոսակներու կազմակերպելիք ստոյգ սպանդէն: Մանաւանդ ինքզինք անշարժութեան մէջ պահող Թուրքիան, որու բանակային ուժերն ու հրասայլերը դիրքաւորուած են սահմանագծէն քիչ անդին, սակայն կը վերաբերին իբրեւ հանդիսատեսներ՝ Քոպանիի վերապահուած արհաւիրքին:
Ի տես մօտալուտ ողբերգութեան, Թուրքիոյ անշարժութիւնը տիպարային կրկնուող կեցուածք է հանդէպ Սուրիոյ եւ Իրաքի բոլոր այն շրջաններուն, որոնք ենթակայ են Քոպանիի իրավիճակին: Այս անշարժութիւնը նպատակային է, որովհետեւ անիկա կը քօղարկէ Թուրքիոյ տիրակալական նպատակները՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի նկատմամբ, որոնք ժամանակին մաս կը կազմէին Օսմանեան Կայսրութեան հողատարածքին:
Այս թափանցիկ քօղի ետին թաքնուած կեցուածքը կր ներկայացնէ Թուրքիոյ Նոր-Օսմանական ձգտումները: Իբրեւ շուրջ դար մը առաջ Օսմանեան կայսրութեան պատկանող հողատարածքներ, Սուրիան իր ռազմավարական դրուածքով եւ Իրաք իր նաւթային հարստութիւններով՝ Թուրքիոյ ցանկալի մրցանակներ կը համարուին: Անշուշտ ներկայիս կարելի չէ զանոնք Թուրքիոյ հողատարածքին վերադարձնել, սակայն կարելի է եւ անպայման պէտք է անոնք Թուրքիոյ ազդեցութեան ներքեւ բերուին՝ Պաղտատի եւ Դամասկոսի մէջ զետեղելով այնպիսի ղեկավարութիւն, որ հլու է Թուրքիոյ:
Այս նպատակը իրագործելու համար, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրապետող ներկայ ղեկավարութիւնը պէտք է տկարացուի եւ ապա փոխարինուի «բարեկամ» դէմքերով: Այս մարտավարութեամբ կր բացատրուի թէ ինչո՞ւ Թուրքիա 2010 թուականէն ասդին կը մարզէ, կը զինէ եւ կը սատարէ «Քայիտա»յի եւ այլ բազմատեսակ ահաբեկիչներու՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ըմբոստութիւններու զարկ տալու նպատակով: Այս մարտավարութիւնը նաեւ կը բացատրէ Թուրքիոյ ցուցաբերած այժմու անշարժութիւնը՝ ի տես Քոպանիի նման քաղաքներու դէմ ԻՊի ծրագրեալ յարձակումներուն: Այս լոյսին տակ, Թուրքիոյ օրուան կարգախօսը կը հանդիսանայ՝ թող ԻՊն մասնատէ Սուրիան եւ անկայունացնէ Իրաքը: Որքան տարածուի մասնատման եւ ապակայունացման ընթացքը, այնքան կը լաւանան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ իրագործելիք տիրակալական կարելիութիւնները:
Իր տիրակալական նպատակներուն մղում տալու դիտանկիւնէն, Թուրքիա բնական դաշնակիցներ կը նկատէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող ըմբոստական շարժումները: Ուստի, ԻՊի դէմ Ամերիկայի առաջնորդութեամբ ստեղծուած միջազգային դաշինքին Թուրքիոյ յապաղած ու դժկամ անդամակցութիւնը դժուար թէ որեւէ փոփոխութիւն յառաջացնէ ըմբոստ տարրերու հետ Թուրքիոյ մշակած յարաբերութիւններուն մէջ: Այս ուղղութեամբ բաւական պերճախօս են ԻՊի ու անոր հրոսակներու դէմ պատերազմ մղելու հարցին կապակցութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երկդիմի ու երկիմաստ յայտարարութիւնները:
Անցեալ շաբթուան Երեքշաբթի օրը, Թուրքիոյ արեւելեան շրջանի Կազիայնթէպ քաղաքին մէջ հեռատեսիլով սփռուած իր ճառին մէջ, Էրտողան պնդեց, թէ ըմբոստ զինեալները պարտութեան մատնելու համար անհրաժեշտ է «ցամաքային գործողութիւն»ը, քանի որ օդային ռմբաձգումները անբաւարար են: Ան ըսաւ, «Ահաբեկումը վերջ պիտի չգտնէ… բացի եթէ համագործակցինք ցամաքային գործողութեան շուրջ»: Ան աւելցուց, «Արեւմուտքին կ՛ըսեմ… օդէն ռումբեր ձգելը լուծում պիտի չբերէ:»
Էրտողանի համար այս բոլորի հանրագումարը կը կայանայ միակ մէկ միջոցառումի՝ ցամաքային գործողութեան մէջ, որ կարելի է գործնականացնել տեղւոյն վրայ գտնուող Թրքական բանակային ուժերու միջոցով: Այսինքն, Արեւմուտքը պէտք է թոյլատրէ որ Թուրքիան Սուրիա մտնէ:
Արդ, Էրտողանի յանձնարարած լուծումը կը նպատակադրէ ապահովել ձրի տոմս՝ ներխուժելու եւ գրաւման տակ պահելու համար հիւսիսային Սուրիան: Այս տոմսը աւելի աժանի պիտի նայի եթէ նկատի առնուի Էրտողանի մէկ այլ յանձնարարականը: Շաբաթ մը առաջ ան կրկնեց իր այն պահանջը, թէ Սուրիոյ վրայ «թռիչքներու արգիլեալ գօտի» պէտք է ստեղծել՝ պաշտպանուելու համար սուրիական օդուժի յարձակումներէն: Ան շեշտեց, «թռիչքի արգիլեալ գօտի պէտք է յայտարարել եւ այս թռիչքի արգիլեալ գօտին պէտք է ապահովել»: Էրտողան նաեւ յայտնեց թէ այս գծով ան արդէն իսկ խօսած է Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամային ու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընին հետ:
Էրտողանի նշեալ յանձնարարականներու արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ Թուրքիոյ բանակային ուժերը հիւսիսային Սուրիա մտնելու ձրի ու ապահով այցետոմս պիտի ստանան: Այսինքն, թռիչքի արգիլեալ գօտիի ապահովում, Սուրիական օդուժի դէմ պաշտպանութիւն, ապա ցամաքային հեզասահ գործողութիւն՝ առաջնորդութեամբ Թուրքիոյ բանակին: Ինչպէս թրքերէն կ՛ըսեն, «կէլ կիւզէլիմ, կէլ» (եկո՛ւր սիրելիս, եկո՛ւր):
Անշուշտ այս այցետոմսը իր հետ կը բերէ նաեւ այլ ցանկալի մրցանակ մը՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վերացումը: Ըստ Էրտողանի՝ Թուրքիա պիտի կռուի ԻՊի եւ այլ հրոսակախումբերուն դէմ, սակայն Թուրքիա նաեւ պիտի կառչի Պաշշար Ասատը Սուրիոյ իշխանութենէն հեռացնելու նպատակին: Էրտողանի իսկ բառերով՝ Թուրքիա պիտի պատերազմի ԻՊի դէմ, սակայն նաեւ «Պիտի շարունակենք առաջնահերթ նկատել Սուրիական վարչակարգը վերացնելու մեր նպատակը»:
Յայտարարուած այս առաջնահերթութեան լոյսին տակ, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ.- Որո՞ւ դէմ է Թուրքիոյ կռիւը: Պատասխանը շատ բացայայտ է: Թուրքիոյ կռիւը ԻՊի դէմ կողմնակի ցուցադրութիւն մըն է: Թուրքիոյ բուն կռիւը կը նպատակադրէ վերացնել Պաշշար Ասատն ու իր վարչախումբը եւ զայն փոխարինել Թուրքիոյ հնազանդ ղեկավարութեամբ:
Պէտք է յուսալ որ նախագահ Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարարը չեն անտեսեր Էրտողանի գործադրելի ծրագիրները Սուրիոյ մէջ: Այս ծրագիրները չեն համընկնիր Միացեալ Նահանգներու վարքագծային նպատակներուն: Ընդհակառակը, անոնք դէմ կը գործեն Միջին Արեւելքի մէջ Ամերիկայի ռազմավարական շահերուն: Այս իմաստով, Էրտողան եւ Թուրքիա կը շարունակեն խանգարիչը հանդիսանալ տարածաշրջանէն ներս Ամերիկեան նպատակներուն:
Մօտ 95 տարի առաջ, Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Լոյտ Ճորճ թրքական նոյնանման պոռոտախօսութեան դէմ յանդիման գտնուեցան: Այս մէկը պատահեցաւ Փարիզի մէջ, Յունիս 1919ին, երբ փլուզումի սեմին գտնուող Օսմանեան կայսրութեան վարչապետ (կամ մեծ վեզիր) Տամատ Ֆերիտ փաշա ներկայացաւ Դաշնակից ուժերու ներկայացուցիչներուն՝ յուշագիրով մը, որ դաշնակիցներուն կը հրամցնէր պահանջներ ու առաջարկներ՝ փրկելու համար կայսրութիւնը յաւելեալ անդամահատումէ: Իր պահանջներու շարքին, փաշան նաեւ ներկայացուց, թէ «Ասիոյ մէջ, թրքական հողատարածքը հարաւի մէջ կը սահմանագծուի Մոսուլ եւ Տիարպեքիր գաւառներով, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէկ մասով ու կ՛երկարի մինչեւ Միջերկրական ծով»:
Փաշային մեկնումէն ետք՝ դաշնակիցները մերժեցին Օսմանեան պահանջները: Նախագահ Ուիլսըն յայտնեց, թէ ասկէ աւելի «տխմար» ներկայացումի չէր հանդիպած: Բրիտանիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճ ամբողջ եղելութիւնը «լաւ կատակ» մը նկատեց:
Ներկայիս, օսմանեան տենչերով տոգորուած մէկ այլ թուրք ղեկավար մը, այսինքն՝ Թուրքիոյ նախագահ եւ նախկին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, նմանօրինակ ծրագիր մը կը ներկայացնէ Արեւմուտքին:
Ի պատասխան, պիտի կարենա՞յ նախագահ Օպամա նախագահ Ուիլսընի քաջութիւնը ցուցաբերելով Էրտողանի ծրագիրը «տխմար» նկատել: Պիտի կարենա՞յ փոխնախագահ Պայտըն վարչապետ Լոյտ Ճորճի սրամտութեամբ Էրտողանի ծրագիրը «կատակ» համարել: