ՀՕՄի Տիթրոյիթի Միջ-վարչականը կազմակերպած է շրջանի ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու հայերէն ուսուցիչներու յատուկ սեմինար մը, որուն պիտի մասնակցին Տիթրոյիթի ՀՕՄի «Զաւարեան», Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» եւ տեղական ու շրջանի դրացի նահանգներու միօրեայ, ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ քոյր վարժարաններու ուսուցչական կազմերը:
Միօրեայ այս սեմինարը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին, Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Այս առթիւ, իբրեւ գլխաւոր զեկուցաբեր, Լոս Անճելըսէն յատկապէս հրաւիրուած է ՀՕՄի Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայի երկարամեայ տնօրէն Գէորգ Պետիկեանը, սեմինարը վարելու, զեկուցելու եւ միաժամանակ ներկայացնելու նման վարժարաններու համար իր իսկ պատրաստած ուսումնական ծրագիրն ու ուղեցոյցը, որ տարիներէ ի վեր ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի շաբաթօրեայ վարժարաններէն ներս կ՛օգտագործուի:
Տնօրէն Պետիկեան նաեւ պիտի խօսի հայ վարժարանին ու հայ ուսուցիչին առաքելութեան մասին, ինչպէս նաեւ հայ աշակերտին մայրենի լեզուն սիրցնելու եւ սորվեցնելու լաւագոյն կերպերը: Ան պիտի ներկայացնէ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն հայերէն՝ իբրեւ երկրորդ լեզուի իր իսկ պատրաստած դասագիրքերու շարքերը ու անոնց դասաւանդութեան լաւագոյն կերպերն ու անոնց կիրարկումները, ինչպէս նաեւ ներկաներուն հետ պիտի քննարկէ մայրենիի ուսուցման գործնական ձեւերն ու գաղափարները, ծնողք-վարժարան կապի էականութիւնը ու շաբաթօրեայ վարժարաններուն կարիքներն ու դժուարութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.