ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ռոպըրթսընի «Արդեօք եղա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով հետաքննական տեղեկագիրը՝ հիմնուած բրիտանական ներքին փաստաթուղթերու վրայ, որոնք ձեռք բերուած էին «Տեղեկատուութեան ազատութիւն» օրէնքին շնորհիւ, բացայայտած էր, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ժխտած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ապակողմնորոշած բրիտանական խորհրդարանը այս հարցով, Թուրքիան սիրաշահելու համար:
Ռոպըրթսըն ինծի ուղարկած էր 286 էջ կազմող իր նոր գիրքին՝ «Անյարմար Ցեղասպանութիւն. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերու Մասին»ին, նախնական օրինակը, որ այս ամիս պիտի հրատարակուի Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իւրաքանչիւրը, որ կարդայ հեղինակաւոր իրաւաբանին մանրազննին ուսումնասիրութիւնը, կասկածի նշոյլ անգամ չ՛ունենար Ցեղասպանութեան իսկական փաստերուն եւ փոխհատուցման համար հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն նկատմամբ:
Ռոպըրթսընի կողմէ վերջերս ձեռք բերուած Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը կը բացայայտեն, որ բրիտանական խորհրդարանը աստիճանաբար կը փոխէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը՝ ժխտումէն անցնելով դէպի տեսակէտ արտայայտելէ խուսափելուն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդունի, որ պետական քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւնը՝ Ռոպըրթսընի 2009 թուականի զեկոյցին մէջ ներկայացուցած հզօր իրաւական փաստարկներու ուղղակի արգասիքն է:
Մինչեւ վերջերս, Մեծն Բրիտանիան յամառօրէն կառչած էր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր բացայայտ ժխտողական դիրքորոշման: Ռոպըրթսընի մէջբերած արտաքին գործոց նախարարութեան 1999ի գաղտնի յուշագիրին մէջ խոստովանութիւն կայ, որ բրիտանական կառավարութիւնը «քննադատելի է բարոյական առումով: Սակայն հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու (քաղաքական, ռազմավարական եւ առեւտրական) կարեւորութիւնը, եւ որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը գործնականօրէն ոչ մէկ օգուտ կու տայ Մեծն Բրիտանիոյ կամ սպանութիւններէն դեռ ողջ մնացած քանի մը վերապրածներու, ոչ ալ պիտի օգնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցման, ուստի՝ ներկայիս գիծը միակ հնարաւոր տարբերակն է»:
Սակայն Ռոպըրթսընի 2009ի զեկոյցի հրապարակումէն ետք, բրիտանացի պաշտօնեաները փոխեցին իրենց դիրքորոշումը՝ ժխտումէն անցնելով Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտելէ խուսափելուն: Արտաքին գործոց նախարարութեան 2010ի ներքին յուշագիրին մէջ նշուած է. «Պարոն Ռոպըրթսընի զեկոյցէն եւ անոր լայն տարածում ստանալէն ետք, մենք թարմացուցած ենք մեր հանրային գիծը, որպէսզի յստակացնենք, որ նորին մեծութեան կառավարութիւնը կը համարէ, թէ մեր գործը չէ վճիռ կայացնել (պատմական կամ իրաւական), կամ թէ հայոց ջարդերը ցեղասպանութի՞ւն էին արդեօք»: Այլ յուշագիրի մը մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանած է, որ այլեւս պիտի չպնդէ, թէ «պատմական վկայութիւնը բաւարար չէր մեզ համոզելու, որ այս իրադարձութիւնները պէտք է դասակարգել իբրեւ ցեղասպանութիւն»: Յուշագիրը կը շարունակէ հաստատել, որ «աւելի շատ համաձայնութիւն կայ հայ համայնքին կրած կորուստներու եւ տառապանքներու ծաւալներուն վերաբերեալ, եւ որ «իրաւագիտութիւնը ցեղասպանութեան եւ յատկապէս մտադրութիւն փաստելու պարագաներու եւ պահանջուած փաստաթուղթերու առնչութեամբ զգալիօրէն փոխուած է 90ականներուն, Ռուանտայի եւ Պալքաններու մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով»: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեռ խորհուրդ կու տայ դէմ արտայայտուելու Ցեղասպանութեան բացայայտ ճանաչման, որովհետեւ՝ «հայկական Սփիւռքը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ համեմատաբար փոքր է (20 հազարէն պակաս), եւ առկայ է սահմանափակ հանրային հետաքրքրութիւն»:
Այդուհանդերձ, Հայոց Ցեղասպանութեան յառաջիկայ հարիւրամեակին առիթով բրիտանական կառավարութիւնը որոշած է քիչ մը աւելի զիջող դառնալ այս հարցին առնչութեամբ: Անցեալ տարի, երբ Լիբանանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը դիմած էր Լոնտոն՝ Պէյրութի մէջ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման մասնակցելու համար ցուցմունք ստանալու, արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր խորհուրդ տուած էր մասնակցիլ արարողութեան: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ խորհուրդ տուած է իր աշխատակազմին՝ «չստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն, թէ մենք կը ժխտենք 1915ին տեղի ունեցածը… Մենք կը շարունակենք զանոնք (ջարդերն ու տեղահանութիւնները) համարել իսկապէս զարհուրելի եւ յիշատակման արժանի»:
Ցեղասպանութեան հարցին ի-րաւական լուծում տալու համար, Ռոպըրթսըն երկու առաջարկ կ՛ընէ՝ կա՛մ Հայաստանի կառավարութիւնը զայն կը ներկայացնէ «վճիռ կայացնելու համար Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)՝ համաձայն Ցեղասպանութեան համաձայնագիրի 9րդ յօդուածին», կա՛մ կը խնդրէ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարէն ստեղծել յատուկ դատարան մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Պէտք է արժանին հատուցել Ճեֆրի Ռոպըրթսընին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին այս կարեւոր գիրքի հեղինակման համար: Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն ձեռք բերած է գիրքէն 1000 օրինակ՝ Լոնտոնի մէջ պաշտօնեաներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն բաժնելու համար: Գիրքը հասանելի է Amazon.com կայքէն: Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ Ռոպըրթսըն իր աշխատութեան մէջ վեց անգամ յղում ըրած է յօդուածներուս:
Ռոպըրթսըն արժանիօրէն իր գիրքը ձօնած է Պեն Ուիթեքերին՝ ՄԱԿի 1985ի զեկոյցի հեղինակին պայծառ յիշատակին, որ հայերու զանգուածային ջարդերը որակած էր իբրեւ ցեղասպանութիւն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը