
Տօնակատարութիւնը երկու բաժիններ ունէր։ Առաջին մասը աշակերտական գեղարուեստական յայտագիր մըն էր, ուր աշակերտները արտասանութիւններով, ուղերձներով եւ սրտի խօսքերով փոխանցեցին օրուան իմաստը:
Դրօշակի արարողութենէն եւ զոյգ քայլերգներէն ետք գործադրուեցաւ յայտագիրը, որուն մասնակցեցան Վահէ Եագուպեան՝ բացման խօսքով, Դանիէլ Մուրատեան՝ ասմունքով, Միշէլ Կանեան՝ սրտի խօսքով եւ Դաւիթ Ղազարեան՝ ասմունքով:
Օրուան պատգամը փոխանցեց աւարտական դասարանէն Դրօ Մկրտիչեան. ան իր խորհուրդներով թելադրեց մնալ պատնէշի վրայ եւ պայքարիլ հայրենիքի սիրոյն, երբ ահազանգը հնչէ:
Տօնակատարութեան հիւրն էր տաղանդաւոր եւ սիրուած երգիչ Արթուր Յակոբեան, ծանօթ՝ «Mister X» անունով, որ իր խօսքերով եւ արուեստով տպաւորեց աշակերտները:
Յայտագիրին առաջին մասը վերջ գտաւ պարախումբին կատարումներով:
Երկրորդ մասը՝ Աշակերտական խորհուրդի առաջնորդութեամբ, իսկապէս տօնական էր: Աշակերտները կազմակերպուած խաղերով եւ ազգային պարերով վայելեցին հայեցի եւ խանդավառ մթնոլորտ մը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Աշակերտական ուխտով: