ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անգարայի համալսարանի լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բաժանմունքի հայոց լեզուի բաժինի պատասխանատու Եավուզ Այտըն, Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով իսլամներու սուրբ գիրքը հանդիսացող Քուրանը թարգմանած է արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի։
Թրքական «Ռոթահապեր» կայքին համաձայն՝ Այտըն նշած է, թէ թարգմանութեան նպատակը եղած է աշխարհի հայերուն ներկայացնել «իսլամութեան մայր աղբիւրի գեղեցկութիւնը, հոն ներկայացուող հանդուրժողականութիւնն ու աշխարհին տրուած ուղերձները»:
Գիրքին խմբագիրն է «Ակօս» թերթի հայկական բաժինի պատասխանատու Բագրատ Էսթուքեան:
Այս լուրը յստակացնելով՝ «Մարմարա»ի ընթերցողներէն Մ. Քէլէշեան գրած է, թէ Քուրանը առաջին անգամ հայերէնով տպուած էր 1910ին։ Թարգմանութիւնը կատարուած էր արաբերէնէն։ 1912ին հրատարակուած է ֆրանսերէնէն կատարուած այլ թարգմանութիւն մը։ Երկուքն ալ թարգմանուած էին արեւմտահայերէնի։ Արեւելահայերէնով թարգմանութիւն մը իրականացած էր Երեւանի մէջ, Իրանի դեսպանատան օժանդակութեամբ։ Այս թարգմանութիւնը կատարուած էր Եդուարդ Հախվերտեանի կողմէ՝ պարսկերէնէն, երեք տարուան աշխատանքով։ Խումբ մը արաբագէտներ ալ օժանդակած էին սոյն թարգմանութեան։ Քուրանի 30 մասերը անջատ-անջատ կարդացուած ու հաստատուած էին Թեհրանի Քուրանի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կողմէ։ 1000 տպաքանակով այս տպագրութիւնը իրականացած էր 2007ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.