ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 7ն անմոռանալի պիտի մնայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ:
Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց ու յաւարտ պատարագի նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ իրաքահայ վախճանեալ հոգեւորականներու եւ հանգուցեալ բարերարներու հոգիներուն համար, ապա հովանաւորեց դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը՝ նուիրուած իրաքահայ եկեղեցիներու պատմութեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, ընտանեկան ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ, ներկաները մասնակից եղան եկեղեցւոյս տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած սիրոյ սեղանին եւ շտապեցին իրենց տեղերը գրաւելու Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ուր առաջնորդին հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ նշեալ դասախօսական ձեռնարկը:
Յանուն եկեղեցւոյս դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստի ջերմ խօսքերով հանդէս եկաւ ցերեկոյթի հանդիսավարուհի Արուսեակ Մելքոնեանը, որ իր մանկութեան քաղցր յիշողութիւններով յուզելէ ետք ներկաները՝ բեմ հրաւիրեց երկրաչափ Պերճ Զատոյեանը, որ ներկայացնէ «Իրաքահայ արդի գաղթօճախի կազմաւորումը» նիւթը: Զատոյեան նախ խօսեցաւ հայ գաղթականներու հոսանքներուն մասին դէպի Միջագետք, ապա՝ գաղութներու կազմաւորման մասին: Ան կանգ առաւ հիմնական չորս հոսանքներու վրայ՝ 17րդ դարէն սկսած.
Ա. Պարսիկ Շահ Աբբասի Իսֆահան տարագրած հայերու հոսքը դէպի Պասրա եւ Պաղտատ, անոնց հիմնական զբաղումը վաճառականութիւնն էր։
Բ. 1638ին, Թուրքիոյ մէջ ճալալիներու վայրագութիւններէն փախչող հայ գաղթականներու հոսքը։ Այդ գաղթականներուն գաւառաբարբառներու միաձուլումը ծնունդ տուաւ պաղտատցիներու բարբառին։
Գ. Թուրքերու կողմէ Պաղտատի գրաւումին հետեւող Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթականներու հոսքը դէպի Մուսուլ եւ Պաղտատ:
Դ. 1915ին, Վասպուրականէն եւ Տէր Զօրէն Հայկական Ցեղասպանութեան տարագրեալներու հոսքը դէպի Միջագետք:
Ապա Զատոյեան կանգ առաւ գաղութներու կազմաւորման վրայ: Իրաքի Ազգային իշխանութիւնը 1916ին կը կազմէ Տարագրելոց պաշտպան մարմինը, որ Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք. Տէր Եղիայեանի ժամանումով կը վերակոչուի «Միջագետքի հայ տարագրելոց յանձնախումբ», որուն հիմնական նպատակներէն մէկը կ՛ըլլայ որբահաւաքն ու որբանոցներու բացումը: Ապա, ան հակիրճ ձեւով կանգ առաւ Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ հայկական համայնքներու կազմաւորման վրայ՝ նշելով բարերարներու առատաձեռնութիւնը, եկեղեցաշէն ազգայիններու նուիրեալ աշխատանքն ու աւանդապահ իրաքահայութեան կառչածութիւնը իր մայրենի լեզուին, քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան, որոնք միասնաբար ծնունդ տուին հայկական համայնքներու, անոնց յետագայ զարգացման ու բարգաւաճման նպաստեցին՝ շահելով տեղացի արաբ ժողովուրդի յարգանքն ու համակրանքը:
Ապա հանդիսավարուհին հրաւիրեց Անդրանիկ Սողոմոնեանը, որ ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ» բանաստեղծութիւնը՝ արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին: Այնուհետեւ հանդիսավարուհի Մելքոնեան բեմ հրաւիրեց Իրաքի Ազգային իշխանութեան նախկին փոխատենապետ եւ Ազգ. առաջնորդարանի «Կանթեղ» պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Վեհունի Մինասեանը, որ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց եկեղեցաշինութիւնը եւ հայ եկեղեցիները Իրաքի մէջ: Ուշագրաւ էր Պաղտատի առաջին եկեղեցւոյ կառուցման պատմութիւնը: Սուլթան Մուրատ Դ., չկարենալով գրաւել Պաղտատը՝ կը դիմէ իր խորհրդական զօրապետներուն: Հայ հրանօթաձիգ սպայ մը՝ Գէորգ Նազարեան, խորհուրդ կու տայ սուլթանին պատրաստել հեռահար մեծ թնդանօթ մը, որուն շնորհիւ հնարաւոր կ՛ըլլայ գրաւել Պաղտատը: Երբ սուլթան Մուրատ կը փափաքի գնահատել ու վարձատրել Նազարեանը, ան կը խնդրէ, որ հայերուն նուիրէ հող մը, որուն վրայ կարենան կառուցել իրենց եկեղեցին: Խնդրանքը կ՛ընդունուի եւ կարճ ժամանակի մը ընթացքին վեր կը խոյանայ Պաղտատի առաջին եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածինը:
1950ին, Մեսրոպ Ծ. վարդապետ կը մեկնի Պոլիս ու կը բերէ 2րդ եկեղեցիի մը շինութեան հրամանագիրը: Հայ բարերարներու եւ ժողովուրդին ջանքերով կը բարձրանայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որուն շրջափակին մէջ կը հաստատուի նաեւ Ազգային առաջնորդարանի շէնքը: Իրաքի Ֆայսալ թագաւորը անձամբ կ՛այցելէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ բարձր կը գնահատէ իրաքահայութեան նուիրեալ եւ ազգաշէն աշխատանքը: 1957ի Ս. Ծննդեան պատարագէն ետք, կը փակուի այս եկեղեցին, որ բնական աղէտներու հետեւանքով անգործածելի դարձած էր: Անմիջապէս, Գ. Կիւլպէնկեանի, Սիմոն Ղարիպեանի եւ այլ բարերարներու նուիրատուութեամբ ու ժողովուրդին ջանքերով, կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը, առաջնորդարանին համար նախատեսուած գրասենեակներով, գրադարանով եւ Մեսրոպ Ծ. վարդապետի անունը կրող թանգարանով: Կը կառուցուին նաեւ Ս. Կարապետ եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիները:
Դոկտ. Մինասեան ապա խօսեցաւ այլ հայահոծ քաղաքներու մէջ կառուցուած հայկական եկեղեցիներուն մասին, ինչպէս նաեւ յիշեց Կաթողիկէ ու Աւետարանական համայնքներու սակաւաթիւ եկեղեցիները: Դոկտ. Վեհունի, որ ականատես վկան էր ու նուիրեալ մասնակիցը իրաքահայութեան եկեղեցաշինութեան, յուզումով եւ արցունքոտ աչքերով անդրադարձաւ իրաքահայոց ներկայ դժբախտ վիճակին:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ իրաքահայ հանրաճանաչ սոփրանօ Ալիս Յարութիւնեան, որ, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Յովիկ Թորոսեանի, իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Հայրապետական Մաղթերգ»ն ու «Տօնեմք»ը՝ արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Այնուհետեւ հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Ռաֆֆի սրկ. Կարապետեանը, որ նախ ընդգծեց իրաքահայութեան բնորոշ յատկանիշներէն մէկը եղող եկեղեցաշինութիւնը: Ան երախտագիտութեամբ նշեց բոլոր այն իրաքահայ հոգեւորականները, որոնք ծառայած են ու կը ծառայեն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանէն ներս, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Ապա կանգ առաւ Իրաքի մէջ քրիստոնէական լոյս հաւատքը տարածելու համար Հայ եկեղեցասիրաց կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական դասընթացքներուն վրայ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի ղեկավարութեան եւ հովանաւորութեան ներքոյ:
«Քաղաքական այս դժուարին պայմաններուն տակ, իրաքահայութիւնը՝ որպէս մէկ ողկոյզի անբաժան հատիկներ, մէկ սիրտ, մէկ հոգի դարձած, հաւատարիմ իրենց լոյս հաւատքին, կապուած ու անբաժան ճշմարիտ որթատունկը Յիսուս Քրիստոսի, կը շարունակէ իր եկեղեցաշինական աշխատանքները Իրաքի մէջ», ըսաւ Ռաֆֆի սարկաւագ Կարապետեան, որ իր խօսքի աւարտին կոչ ըրաւ ներկաներուն գիտակցաբար շարունակելու մեր նախնիներու եկեղեցաշէն բարի աւանդոյթները՝ հաւատարիմ մնալով մեր եկեղեցիին, վասն հաւատքի ու հայրենեաց:
Զատոյեանին, դոկտ. Մինասեանին եւ սարկաւագ Կարապետեանին ելոյթները ունկնդրուեցան մեծ հետաքրքրութեամբ եւ արժանացան ներկաներու բարձր գնահատանքին եւ ծափողջոյններուն:
Հանդիսավարուհին, ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն եւ ելոյթ ունեցողներուն ուղղած իր շնորհակալական խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր սրտի խօսքով եւ օրհնութեամբ փակէ օրուան ձեռնարկը: Սրբազանը նշեց, որ ներկաները յուզումնալից ականջալուր եղան 400 տարիներու վրայ երկարող իրաքահայ աւանդապահ գաղութի եկեղեցաշէն եւ ծառայական կեանքին, ապա մէջբերեց մեր հանգստեան ժամերգութենէն հատուած մը. «Ողորմեա՛ զեկեղեցի շինողաց, երախտաւորաց, պտղատուից, սպասաւորաց եւ այնոսիկ, որք ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյ են յանցուցեալ» (Ով Տէր, ողորմէ բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցի շինեցին, բոլոր անոնք, որոնք իրենց բարիքներէն բաժին հանեցին իբրեւ երախտաւորներ, ողորմէ բոլոր անոնք, որոնք պտղատու դարձան իրենց հոգեւոր, մտային բարոյական եւ նիւթական կարողութիւններով եւ անոնք, որոնք Քու եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ այսօր կը հանգչին): Մաղթանքը լաւագոյնս կը պատշաճէր դասախօսութեան խորհուրդին:
Այնուհետեւ, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի տխուր կացութեան՝ ան շնորհակալական խօսք ուղղեց արաբ ազնիւ ժողովուրդին, որ 1915ին մեզ գրկաբաց ընդունեց, զանոնք անջատելով ծայրայեղական կրօնամոլ անհանդուրժողականներէն: Ապա յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց օրուան բանախօսներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, դաստիարակչական յանձնախումբին եւ գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով եւ «Մեր Հայրենիք» օրհներգով:
Ներկաները, ստանալէ ետք առաջնորդին օրհնութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնելով դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներուն եւ յայտագիրին մաս կազմողներուն՝ հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով հանդիսաւոր օրուան խորհուրդն ու անմոռանալի յիշատակները:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)