
ՖՐԵԶՆՕ.- Կատակաբան եւ դաշնակահար Գէւ Օրգեան վերջերս դարձեալ Ֆրեզնօ այցելած է՝ իր մասնակցութիւնը բերելով տեղւոյն Չարլի Քէյեան հայկական համագաղութային վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկին։
«Փօլ Շաղոյեան» թատերասրահին մէջ կայացած ձեռնարկին, աւելի քան 600 ներկաներ վայելած են բրիտանահայ Օրգեանի կատակները, մանրապատումնե-րը, նուագներն ու նոյնիսկ օփերայի կատարումները։
Երեկոյին բացումը կատարած է վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարշըլ Մուսիկեանը, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռան Մորթանեանին եւ վարժարանի տիկնանց միութեան, ձեռնարկը լաւապէս կազմակերպելնուն համար։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ կային նաեւ Մերի եւ Ըլէյն Էքմալեան, Փաթիլ Թորոսեան եւ Ճէյն Քնար Լանաս։
Գէւ Օրգեանը վարժարանին ի նպաստ եւս ելոյթ մը ունեցած է՝ հիւրընկալութեամբ Տեն եւ Վարվարա Սվազներուն։
Նշենք, որ վարժարանին տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15ին։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ckacs.org կայքը։