
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մատրիտի մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային հոգեբուժութեան 16րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ կատարուած Ընդհանուր ժողովի նիստին Հայկական հոգեբուժական միութեան նախագահ Արմէն Սողոյեան ընտրուած է Համաշխարհային հոգեբուժական միութեան գործադիր վարչութեան անդամ՝ ելեւմուտքի քարտուղար:
Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Սողոյեանի ի նպաստ քուէարկած է ընտրողներուն մեծամասնութիւնը՝ զգալի առաւելութիւն ապահովելով մրցակիցին՝ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին դիմաց։
Նշենք, որ Համաշխարհային հոգեբուժական միութեան անդամ է աշխարհի 135 կազմակերպութիւն՝ 117 երկիրներէ:
Համաշխարհային հոգեբուժական միութեան գործադիր վարչութեան ընտրութիւններուն նախագահ ընտրուած է Հելէն Հերման (Աւստրալիա), գլխաւոր քարտուղար՝ Ռոյ Քալիւայալիլ (Հնդկաստան), հանդիպումներու քարտուղար՝ Մասաթոշի Թաքետան (Ճափոն), ելեւմուտքի քարտուղար՝ Արմէն Սողոյեանը (Հայաստան):