
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ բարեփոխումներ կատարել՝ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ ռազմավարական նպատակն է, եւ ատոր հասնելու համար Անգարա պատրաստ է քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերու մէջ կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումներ: Պոզքըր նաեւ յիշեցուցած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ռազմավարական ծրագիրը: