ՆԻՒՓՈՐԹ, Կալես, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5ին, ՆԱԹՕի գերաստիճանը որոշեց արեւելեան Եւրոպայի իր դիրքերը ամրացնել, միաժամանակ՝ արագ հակազդեցութեան ուժ մը գոյացնելու գաղափարին շուրջ համաձայնելով, համաշխարհային ապահովութեան սպառնացող նորագոյն վտանգներուն լոյսին տակ։
Նշենք, որ Ռումանիոյ պաշտպանութեան հարցերու բարձրագոյն խորհուրդը հաւանութիւն տուած է երկրի տարածքին ՆԱԹՕի ռազմական օդանաւեր տեղադրելու: ՆԱԹՕի օդանաւերու սպասարկման համար Ռումանիա պիտի հաստատուին շուրջ 200 զինուորներ:
Յիշեցնենք, որ Էսթոնիա եւս այս շաբաթ որոշած էր աւելի մեծ թիւով ամերիկացի զինուորներ «հիւրընկալել»։
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած էր, թէ դաշինքը կը ծրագրէ նոր ռազմակայաններ բանալ արեւելեան Եւրոպայի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.