ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու հարցազրոյցի մը ընթացքին տեղեկութիւններ տուաaւ իր հիմնած կառավարութեան ծրագիրին մասին։ Անոր բացատրութիւններուն մէջ կային նաեւ խոստումներ ու յաւակնութիւններ։ Ան ըսաւ, թէ քրտական հաշտութեան գործընթացի նորակազմ յանձնախումբը 15 օր անգամ մը ժողով պիտի գումարէ՝ իր նախագահութեան ներքեւ։
Տաւութօղլու շեշտեց, թէ բացարձակապէս պիտի չարտօնուի, որ «զուգահեռ պետութիւն» մը գոյութիւն ունենայ երկրին մէջ՝ ակնարկելով Ֆեթհուլլահ Կիւլենի շարժումին վերագրուող ընդյատակեայ կազմակերպութեան, որուն քայլերը կ՛անհանգստացնեն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութիւնը։
Տաւութօղլու նաեւ պնդեց, թէ իշխող կուսակցութիւնը «հրաշքներ գործած է»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.