
ԵՐԵՒԱՆ.– «Աջակցենք սահմանամերձ բնակավայրերին» նախաձեռնութեան քանի մը անդամներ այս օրերուն այցելած են Տաւուշի մարզի սահմանամերձ երեք գիւղեր՝ Այգեպար, Մովսէս, Ներքին Կարմիրաղբիւր: Գիւղերուն մէջ անոնք բացայայտած են հրատապ ու կարեւոր խնդիրները եւ նախաձեռնութեան անունով խնդրանք-պահանջ ներկայացուցած են վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին:
Անոնք յատկապէս կարեւոր նկատած են Այգեպար եւ Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղերուն մէջ պաշտպանական պատի կառուցումը, քանի որ դպրոցներն ու մանկապարտէզները թշնամիին թիրախ դարձած են:
Նախաձեռնութեան անդամ Սոֆեա Յովսէփեանի համաձայն՝ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ պէտք է լուծուի նաեւ անվճար դասագիրքերու հարցը, քանի որ այդ գիւղերուն մէջ անգործութեան մակարդակը բարձր է:
«Սահմանամերձ գիւղերի ուսուցիչների աշխատավարձը պէտք է բարձրացնել առնուազն 3-4 անգամ», յայտնած է Տիգրան Մարտիրոսեան՝ աւելցնելով, որ պետութեան հզօրութիւնը կախեալ է ամուր սահմաններէն:
Նախաձեռնութեան անդամները յայտարարած են նաեւ, որ կ՛ողջունեն խորհրդարանի այն պատգամաւորները, որոնք այս օրերուն կառավարութեան ներկայացուցած են սահմանամերձ գիւղերուն առնչուող՝ «Տեղական տուրքերի եւ վճարների մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, իսկ կառավարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու նախագիծի հեղինակներուն հետ։
«Եթէ սահմանամերձ գիւղերի ուսանողներն ունեն վարձավճարի խնդիր, հարցը պէտք է լուծուի: Իսկ դպրոցներում 70ականներից մնացած գոյք է տեղադրուած՝ սեղաններ, նստարաններ: Անհրաժեշտ է իրականացնել դպրոցների վերանորոգումը եւ կահաւորումը», աւելցուցած է Յովսէփեան: