ԵՐԵՒԱՆ.– Ըստ լուսանկարիչ–լրագրող Գագիկ Շամշեանի՝ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլադիմիր Գասպարեան հրաման ստորագրած է Միհրան Դաւթեանը ազատ կացուցելու Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան փտածութեան դէմ պայքարի վարչութեան պետի պաշտօնէն:
Հաւանական է, որ յառաջիկային թոշակառութեան տարիքը հասնելու պատճառով, իր դիմումին համաձայն, աշխատանքէ զերծ կացուցուի նաեւ ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան պետ, գնդապետ Ռաֆայէլ Զաքարեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.