ԱԹԷՆՔ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատ Օր», «Արմէնփրէս».- Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ քննարկուող ցեղապաշտութեան դէմ օրինագիծի նոր տարբերակը խորհրդարան ներկայացուեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին ու կրնայ քուէարկութեան դրուիլ Սեպտեմբեր 5ին։
Նոր տարբերակին մէջ, քրէական յանցագործութիւն պիտի նկատուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հերքումը։
Առաջին հերթին, օրինագիծի նոր տարբերակին ի նպաստ քուէարկած են Նոր Հանրապետութիւն, «Փասօք» ու «Տիմար» կուսակցութիւնները, մինչ անոր դէմ քուէարկած են «Անկախ յոյներ»ը եւ «Ոսկեայ արշալոյս»ը: «Սիրիզա» խմբակցութիւնը ձեռնպահ մնացած է՝ յայտնելով սակայն, թէ կրնայ թեր քուէարկել, եթէ օրինագիծին մէջ կատարուին իր առաջարկած փոփոխութիւնները:
Արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիու, ներկայացնելով օրինագիծը՝ ըսած է, թէ անիկա յոյն հասարակութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը օտարատեացութեան, անհանդուրժողականութեան ու խտրականութեան երեւոյթներէն պաշտպանող օրէնք մըն է:
Խորհրդարանի 101 պատգամաւորներէն 51ին քուէն հարկաւոր է օրինագիծը վաւերացնելու համար: «Ազատ Օր»ի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ըսած է, որ սկզբնական շրջանին կը քննուէր օրինագիծը աշնանային նստաշրջան տեղափոխելու հարցը, սակայն խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած աշխոյժ քննարկումներուն շնորհիւ՝ ընդունուած է օրինագիծին նոր մշակուած տարբերակը:
Յարութիւնեանի գնահատումով՝ հայ համայնքին հետ հանդիպումներէն պարզուած է, որ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը կողմ է օրէնքին:
«Դեռ վստահ չենք, բայց հաւանաբար Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պիտի քրէականացուի», «Ազատութիւն» կայանին ըսած է Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Աւագեան: «Կը կարծեմ, որ Ուրբաթ օր ուրախ լուր կը ստանանք Յունաստանէն», աւելցուցած է ան:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոս 30ին տեղի ունեցած էր Համապոնտական միութեան Հարաւային Յունաստանի վարչութեան հետ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուած են ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Քերոբ Էքիզեան, Յակոբ Աւագեան, Յարութիւն Սերոբեան եւ Սթաւրոս Ապարեան: Երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթը կը հանդիսանար նշեալ օրինագիծը: Երկուստեք շեշտուեցաւ, թէ օրինագիծը պէտք է յստակօրէն նշում կատարէ խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութեանց՝ արգիլելով անոնց ուրացումը։ Նշենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը 1996ին ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Նաեւ, որոշուեցաւ բոլոր կազմակերպութեանց ստորագրութիւնները կրող միացեալ նամակ մը խմբագրել եւ ուղարկել երեսփոխաններուն ու կառավարութեան՝ պահանջելով օրինագիծին մէջ անպայմանօրէն ներառել ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ յօդուածը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.