ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 26 Օգոստոսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ արժանթինեան կողմին նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Թիմըրմընի հետ:
Զրոյցին ընթացքին նախարարները քննարկած են Յուլիսին՝ Հայաստանի նախագահին Արժանթին կատարած այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան իրականացման ընթացքը:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Հեքթոր Թիմըրմըն կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու անցկացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.