
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը Հինգշաբթի, 21 Օգոստոսի երեկոյեան իբրեւ Բ. դասակարգի ախոյեան վերադարձաւ Ա. դասակարգ, երբ աւարտականին իր կատարած մրցումին 49-44 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Շապապ Արապի»ին, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը՝ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ «Շապապ Արապի»ի միջեւ, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ՝ Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր իր մրցակիցին, անցեալ Հինգշաբթի եւս յաղթեց 49-44 արդիւնքով:
Այսպիսով, երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրելով ՀՄԸՄ Պէյրութ հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ վերադարձաւ Ա. դասակարգ, նոյնինքն «Շապապ Արապի»ի հետ:
Մրցումի աւարտին ՀՄԸՄի մարզիկները իրենց ախոյեանութեան տիտղոսը ստացան Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան հաշուապահ, դաշնակցութեան մօտ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանէն:
Սապունճեան կը ներկայացնէր Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ուալիտ Նասսարը, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր: