ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ 2014ի առաջին կիսամեակին բացայայտուած եւ ձերբակալուած է այլ երկիրներու իրաւապահ մարմիններուն կողմէ պահանջուած 123 անձ:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ ձերբակալուածներէն 112ը ԱՊՀ անդամ երկիրներու (103 Ռուսիոյ, 4 Պելոռուս, 3 Վրաստան, 1 Ուքրանիա, 1 Ուզպեքստան) քաղաքացիներ են, 4ը՝ Լեհաստանի, 3ը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, 2ը՝ Միացեալ Նահանգներու , 1ը՝ Չեխիոյ, 1ը՝ Իրանի:
Նշեալ ժամանակաշրջանին Հայաստանէն այլ երկիրներու յանձնուած են 13 հետախուզուողներ, որոնցմէ 2 անձ՝ Ռուսիոյ, 2՝ Իրանի, մէկական անձ՝ Վրաստան, Շուէտ, Հարաւային Քորեա, Թուրքիա, Պելճիքա, Պուլկարիա, Ռումանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գերմանիա:
ԱՊՀ անդամ երկիրներու կողմէ բացայայտուած եւ Հայաստանի յանձնուած են 24 անձեր՝ 19 անձ Ռուսիայէն, մէկական անձ Վրաստանէն, Յունաստանէն, Աւստրիայէն, Պելճիքայէն եւ Ղազախստանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.