ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող գաղափարակիցներու Ֆեթուլլահ Կիւլենի համայնքը վերջին 8 տարիներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ լոպիինկի համար 1,5 միլիոն տոլար ծախսած է: Այս մասին գրած է թրքական «Հապեր 10» լրատուական կայքը՝ յղում կատարելով ամերիկեան Buzzfeed կայքին:
Կը նշուի, որ 2007 թուականէն ի վեր Կիւլենական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ աշխատելու համար Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներուն 1,5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է: Նուիրատուութիւն ստացած անձերու կարգին են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ այլ նշանաւոր անձնաւորութիւններ:
Ֆեթուլլահ Կիւլենը «Հիզմեթ Հարեքեթի» ազդեցիկ կրօնական կազմակերպութեան առաջնորդն է: Անիկա արդի իսլամութիւն քարոզող հզօր շարժում է, որ հարիւրաւոր դպրոցներ ունի աշխարհի բազմաթիւ իսլամական երկիրներու, որոնց կարգին Թուրքիոյ մէջ։ Մինչեւ վերջերս անիկա նկատուած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան քաղաքական յենարանը: Շարժումը կը քարոզէ իսլամական չափաւորութիւն, հանդուրժողականութիւն, միջկրօնական երկխօսութիւն, իսլամի եւ ժողովրդավարութեան համատեղելիութիւն: Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որ 1999էն ի վեր որպէս վտարանդի կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեծ ազդեցութիւն ունի թրքական կառավարութեան եւ ուժի կեդ-րոն հանդիսացող կառոյցներուն վրայ: Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծ թիւով պատգամաւորներ կը նկատուին Կիւլենական աղանդի հետեւորդներ:
Էրտողանի եւ Կիւլէնի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են անցեալ Դեկտեմբերէն, երբ կատարուեցան Էրտողանի վերաբերող խայտառակութիւններու բացայայտումը։ Անկէ ետք Էրտողան յայտարարած է, որ բացայայտումներուն համար մեղաւոր է Կիւլենական համայնքը, որ կ՛ուզէ տապալել իր կառավարութիւնը: Էրտողան նաեւ հրահանգած է Թուրքիոյ մէջ փակել Կիւլենական շարժումին պատկանող բոլոր ուսումնական հաստատութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.