
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իսրայէլեան բանակի դաժանութիւնը չի կրնար լուծում բերել այդ տարածաշրջանի տագնապին։
Ինքնիշխան պետութիւն ունենալու պաղեստինեան ժողովուրդի վճռականութիւնը, որ կը դրսեւորուի ծով արեան գնով իսկ պայքարը շարունակելու տոկունութեամբ, ուշ թէ կանուխ պիտի պարտադրէ Իսրայէլի իշխանութիւններուն ընդունիլ խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքը:
Իսրայէլեան բանակի Հինգշաբթի օրուան ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց թիրախ դարձաւ նաեւ ՄԱԿի ապաստանարաններէն մէկը, բուռն դատապարտանքի արժանացան միջազգային հանրային ու քաղաքական շրջանակներու կողմէ:
Հակառակ ՄԱԿի պաշտօնատարներու զգուշացումներուն, իսրայէլեան բանակը ուղղակի թիրախ դարձուցած էր ապաստանարանը՝ սպաննելով 15 եւ վիրաւորելով աւելի քան 200 քաղաքացի:
Հազարաւոր վիրաւորներ եւ աւելի քան 750 զոհ խլած իսրայէլեան յարձակումներուն յայտարարուած նպատակը՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժեղացումն ու «Համաս»ի ռազմական ենթակառոյցներու քանդումը, ուղղակի անիրականանալի է: Անմարդկային ռմբահարումներով ահ ու սարսափ տարածել ու ակնկալել, որ ամբողջ ժողովուրդ մը ծունկի պիտի գայ՝ անհեռանկար ռազմավարութիւն մըն է, որ պէտք է արժանանայ միջազգային դատաստանի:
Անցեալի փորձը ցոյց տուած է, որ բիրտ ուժը ծունկի չի կրնար բերել պաղեստինցի ժողովուրդը, այլ ընդհակառակը, ան աւելի վճռական կը փարի իր հայրենի հողին վրայ արժանապատուօրէն ապրելու գաղափարին: Միւս կողմէ, Իսրայէլի ժողովուրդին համար յանցագործ վարչախումբի մը շղթայազերծած արիւնալի գործողութիւններու հետեւանքները շատ ծանր կը կշռեն՝ ոչ միայն երիտասարդ զինուորներու կորուստով, այլ հետզհետէ կուտակուող ճնշումներով եւ համատարած բարոյալքումով:
Այս վիճակէն դուրս գալու ելքը Իսրայէլի համար զիջումի տարբերակն է, որ ըստ էութեան զիջում ալ չէ, այլ՝ արդարութեան հաստատում: